Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Փոխնախարար. «Հայաստանը Գրոհային Ստորաբաժանումները Աւելցնելու Փուլին Մէջ Է»

April 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը գրոհային ստորաբաժանումները աւելցնելու փուլին մէջ է. սպառազինութեան, ռազմական-արհեստագիտական առումով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսլականը ուղղուած է անոր: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստէն ետք  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան` անդրադառնալով Նիւ Եորքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութեան, որ Հայաստանը պիտի աւելցնէ գրոհային ստորաբաժանումները:

«Պաշտպանութեան նախարարը ո՛չ միայն յայտարարած է, թէ պէտք է աւելցնենք, այլ նաեւ կրնամ ըսել, որ մենք այդ փուլին մէջ ենք, այդ կարգին` սպառազինութեան, ռազմական-  արհեստագիտութեան առումով մեր տեսլականը միտուած է անոր», ըսաւ Բալայեան:

Բալայեան շեշտեց նաեւ, որ ամբողջ հասարակութիւնը պէտք է կարենայ  ընկալել, որ խաղաղութիւնը ոչ ոք նուէր տուած է Հայաստանին: «Այն յարաբերական անդորրը, որ կայ, պարտադրուած է թշնամիին: Եւ եթէ  թշնամին նորէն փորձէ պատերազմ սանձազերծել, մենք նորէն պիտի պարտադրենք խաղաղութիւն», ըսաւ փոխնախարարը եւ նշեց, որ խաղաղութիւն պարտադրելու ձեւերը տարբեր են` ռազմական, դիւանագիտական, անձնական շփումներու միջոցով եւ այլն:

 

Նախորդը

Լաւալի Քաղաքապետարանը Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Չեխիոյ Միջեւ Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.