Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Մասնակցութեամբ Հանդիպում` Նախարար Ֆընէյշի Հետ

April 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդական քաղաքականութիւններու շուրջ երիտասարդական համախմբումը երկուշաբթի, 8 ապրիլին հանդիպում մը ունեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշին հետ: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը:

Համախմբումը շնորհաւորեց նախարար Ֆընէյշը` նորակազմ կառավարութեան մէջ նախարարութեան  իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Նախարարին հետ հանդիպումին ներկայացուեցաւ նաեւ ամբողջական ծրար մը` «Երիտասարդական համախմբման դերը երիտասարդական հարցերու, ազգային քաղաքականութեան առաջադրանքներու իրագործման ծիրին մէջ» խորագիրով:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձներ կատարուեցան, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ Լիբանանեան համալսարանի ուսանողական միութեան վերաշխուժացման մասին:

Նախարար Ֆընէյշ իր կարգին զեկուցեց նախարարութեան պիւտճէին մասին` նշելով, որ նախարարութեան բաժինը նուազ քան 0,03 առ հարիւր է ընդհանուր պիւտճէական բաժինէն:

Ինչ կը վերաբերի երիտասարդական ազգային քաղաքականութեան իրագործման, նախարար Ֆընէյշ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ծրարը, որ կը քաջալերէ երիտասարդութեան կարծիքը եւ առաջնահերթութիւնները: Ան նաեւ պիտի քննէ Երիտասարդական համախմբումի ներկայացուցած ծրարը` որեւէ ճիգ չխնայելով եւ օգնելով երիտասարդութեան, որպէսզի աշխատին համապատասխան նախարարութիւններուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարարը նշեց կարեւորութիւնը լիբանանցի երիտասարդներու համախմբումին, ան նաեւ արտայայտեց իր քաջալերանքը բոլոր իրաւական նիւթերուն շուրջ: Ֆընէյշ աւելցուց, որ ներկայիս պէտք է աշխատիլ իրագործել առաջնահերթ նպատակները եւ ապա հասնիլ մնացած ծրագիրներուն գործադրութեան:

Այս հանդիպումին մասնակցեցան բոլոր հոսանքներու եւ կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ընկերային-բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախորդը

Սուրիացի Տեղահանուածները Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

Յաջորդը

Աւետիս Կիտանեան Ստացաւ Արզի Միջազգային Փառատօնին Հրաւէրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.