Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջութեան Մարզի Ծրագիրը Պիտի Յայտարարուի Այս Ամսուան Կիսուն Եւ Պիտի Ներառէ Բոլոր Շրջանները» Շեշտեց Աւետիս Կիտանեան

April 6, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Լիբանանեան միջազգային համալսարանի` «Էլ. Այ. Եու.»-ի Պեքաայի մասնաճիւղը, ուր ան դիմաւորուեցաւ արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատի կողմէ:

Նախարար Կիտանեան համալսարանին մէջ բացումը կատարեց Պեքաայի զբօսաշրջութեան զարգացման յատուկ խորհրդաժողովին:

Ա. Կիտանեան բարձր գնահատեց Պեքաայի մէջ արդիական դպրոցներ ու համալսարաններ կառուցելու քայլը` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքը առաւելագոյն չափով ողջունելի է:

Նախարար Կիտանեան դրուատեց նաեւ Հասան Մըրատի գործունէութիւնը` իբրեւ նախարար:

Անդրադառնալով Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ ինք կը խօսի թիւերու լեզուով, տարազներով եւ արդիւնքներով: «Ճիշդ է, որ երկիրը տառապանքներ ապրեցաւ` ապահովական, կենսոլորտային, քաղաքական եւ այլ, որոնք բոլորը պատճառ դարձան, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ նախապէս արձանագրուած արդիւնքները տուժեն: Կառավարութեան կազմութենէն եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութենէն ետք, երկրին մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ` առանց անտեսելու քաղաքական կարգ մը տարակարծութիւնները: Բայց եւ այնպէս նախարարութիւնը կրցած է զբօսաշրջութեան մարզին մէջ աճ արձանագրել` բաղդատած 2010-ին, որ զբօսաշրջութեան մարզի ամէնէն արդիւնաւէտ տարին կը նկատուի», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան բացայայտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզի ծրագիրը պիտի յայտարարուի այս ամսուան կիսուն եւ պիտի ներառէ բոլոր շրջանները: Ան յայտնեց, որ նախարարութիւնը լիբանանեան պետութենէն պիտի չակնկալէ ֆինանսաւորել զբօսաշրջութիւնը շուկայադրելու այս արշաւը:

Իր կարգին, Հասան Մըրատ յայտնեց, որ Լիբանան Արեւելքի Զուիցերիան էր եւ պէտք է վերադառնայ այդ իրավիճակին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի Իրաք Կատարած Իր Այցելութիւնը Աւարտեց Հանդիպում Մը Ունենալով Ալլաուիի Հետ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։