Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Անգարան` Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելքը Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն

April 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Ուաշինկթընի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին զգուշացուցած է «Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը թրքական զինուորական որեւէ հաւանական գործողութեան մը քանդիչ հետեւանքներէն»:

Փոմփէօ յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ հիւսիս արեւելքի հարցով ընթացող բանակցութիւններուն` մտահոգութիւն յայտնելով շրջանին մէջ թրքական միակողմանի որեւէ գործողութենէ:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին Թուրքիան զգուշացուց ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելէ` յայտնելով. «Թուրքիոյ այդ համակարգերը գնելը կը վտանգէ ՕԹԱՆ-ն ու անոր ուժերը»:

«Հակառակ Միացեալ Նահանգներուն «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տրամադրելուն, Թուրքիոյ այդ ծրագիրը հետապնդելը մտահոգիչ է… այսօր կը կրկնեմ այն, ինչ Փենթակոնը այս շաբաթ յստակ կերպով ըսաւ. եթէ Թուրքիան իր լրումին հասցնէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը, ապա պիտի վտարուի «Էֆ-35»-ի միացեալ ծրագիրէն, ինչ որ ո՛չ միայն Թուրքիոյ պաշտպանողական կարողութեան պիտի վնասէ, այլ նաեւ կրնայ անդամալուծել թրքական շարք մը ընկերութիւններ, որոնք այդ ծրագիրը կը տրամադրեն», աւելցուց Փենս:

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Աքթայ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով` հակադարձեց Փենսի եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ դաշնակից մնալու կամ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելով վտանգելու երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները»:

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը իր կարգին հրապարակեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյի յայտարարութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Այսօր (Միացեալ Նահանգներու) արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութիւնը, որ ակնյայտօրէն պատրաստուած է Չաւուշօղլուի եւ Փոմփէոյի հանդիպումէն առաջ, ո՛չ միայն չ՛արտացոլացներ հանդիպումին բովանդակութիւնը, այլ նաեւ կը պարունակէ այնպիսի հարցեր, որոնց մասին հանդիպումին ընթացքին յիշատակում չէ եղած: Այդպիսի խնդիր յառաջացած է նաեւ նախորդ հանդիպումներուն ժամանակ»:

Աքսոյ կոչ ուղղեց` յայտարարութեան բնագիրէն վերցնել չքննարկուած հարցերուն վերաբերող հատուածները:

«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով թրքական աղբիւրին, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ ոչ ոք պիտի կարողանայ Անգարային ստիպել Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ ընտրութիւն կատարելու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, թէ «Էս¬400»¬ներու ձեռքբերման պայմանագիրը քննարկման ենթակայ չէ:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց «Պրեքզիթ»-էն Ետք Բրիտանիոյ Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Օրինագիծը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.