Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի 34 առ հարիւրին վերաբերեալ կան տարակարծութիւններ: Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նշած է, որ սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, եւ արդէն ճշգրտուած է սահմաններու 66 առ հարիւրը: Ներկայ պահուս կը թարմացուի սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատանքներ տանող յանձնախումբի կազմը, եւ շուտով պիտի վերսկսին բանակցութիւնները: Տակաւին կը գործեն Խորհրդային Միութեան ժամանակներէն մնացած սահմանագիծերը: Աշխատանքները կը կատարուին 1995 թուականէն ի վեր:



