Երէկ` երեքշաբթի, 2 ապրիլին, Հայաստանի Ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով բողոքի ցոյց, որ կազմակերպած էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները:
Ցոյցի մասնակիցները պահանջեցին Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի ներկայութիւնը` վանկարկելով` «Բացայայտում», «Դատախա՛զ, իջի՛ր», «Պահանջում ենք»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ իրենք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են դատախազին հետ:
«Բոլոր` այլ անձերու հետ հանդիպումի առաջարկները պէտք է մերժենք, որովհետեւ մենք ունինք շարք մը փաստարկներ ու պահանջներ, որոնք կը վերաբերին կասեցուած քրէական գործին: Կ՛ակնկալենք, որ այս հարցերուն, ինչպէս նաեւ մեր հետագայ գործողութիւններուն երաշխաւորումը իրաւապահ համակարգէն պէտք է տայ միայն ընդհանուր դատախազը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով. «6 տարի է` չէ դադրած հանրային պահանջը` բացայայտել այս ստոր արարքի պատուիրատուները, կազմակերպիչները, օժանդակողներն ու դրդիչները: 6 տարիներու ընթացքին անընդհատ հրապարակային նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են` պահանջելով, որ իրաւապահ համակարգը գործէ պատշաճ ու արագ, որ գործի լիարժէք բացայայտում կատարուի: 6 տարի անընդմէջ մենք կը բախինք իրաւապահ համակարգի կա՛մ անգործութեան, կա՛մ անպատասխանատու վերաբերմունքին, կա՛մ անտարբերութեան: Ատիկա անթոյլատրելի է, եւ մենք ալ աւելի հետեւողականօրէն պիտի պահանջենք, նաեւ այլ գործողութիւններու միջոցով ստիպելու, որ իրաւապահ համակարգը աշխատի», ըսած է Ա. Մինասեան:
Յայտարարուած է, թէ ցոյցի մասնակիցները հիմնական 4 պահանջ ունին, այդ կարգին` քննչական ենթակայութեան փոփոխութիւն, Հրաչ Մուրադեանի գործունէութեան ընթացքին անոր նկատմամբ իրականացած ոտնձգութիւններու վերաբերեալ որեւէ շարժառիթի եւ դէպքի ներառում քրէական գործին մէջ, ինչպէս նաեւ բացայայտումը բոլոր այն անձերուն, որոնք որեւէ ձեւով քողարկած ու անտեսած են ապացոյցները, եւ անոնց պատասխանատուութեան ենթարկում ու վերոյիշեալ քրէական գործի վերահսկողութեան յանձնում Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազին:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ կ՛ակնկալեն գործի շուտափոյթ բացայայտում, եւ յոյս յայտնած են, որ իրաւապահ մարմիններու հետեւողական ջանքերը արդիւնք կու տան:




