Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Անգարային «Էֆ-35»-ներու Կտորներու Փոխանցումը

April 3, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն դադրեցուցած է Անգարային «Էֆ-35» հալածիչներու կտորներու փոխանցումը` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու Թուրքիոյ որոշումին պատճառով: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են անանուն աղբիւրներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կատարած այդ քայլէն ետք ամերիկեան կառավարութիւնը զգուշացուցած է Անգարան, թէ կրնայ յաւելեալ հետեւանքներ կրել` ներառեալ «Էս-400»-ներ գնելուն համար պատժամիջոցներու ենթարկուիլը:

«Մենք յստակօրէն զգուշացուցած ենք Թուրքիան, թէ «Էս-400»-ի հաւանական ձեռք բերումը պիտի յանգեցնէ «Էֆ-35»-ի ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան վերատեսութեան եւ վտանգէ Թուրքիոյ սպառազինութեան ապագայ հաւանական փոխանցումները, ինչպէս նաեւ առաջնորդէ «Ամերիկայի հակառակորդներուն պատժամիջոցներով հակադարձելու մասին» օրէնքին հիմամբ այդպիսի գործարքի մը մեղսակից կառավարական որեւէ կառոյցներու, սեփական ընկերութեանց կամ անհատներու դէմ հաւանական քայլերու», ըսած է պաշտօնատարը` մեկնաբանելով «Էֆ-35»-ներու կտորներու փոխանցումը դադրեցնելու մասին լուրը:

2017-ին Թուրքիոյ կողմէ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու վերաբերեալ համաձայնագիրի կնքումը պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վատթարացման: Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն կը պահանջեն հրաժարիլ ռուսական զէնքէն եւ ատոր փոխարէն ձեռք բերել ամերիկեան «Փաթրիոթ» օդային պաշտպանութեան համակարգեր: Սակայն Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս հարցին մէջ վճռական են եւ չեն պատրաստուիր հրաժարիլ ռուսական հրթիռային համակարգէն:

 

Նախորդը

Պութաֆլիքա Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Յաջորդը

«Պոլսոյ Ընտրութիւններու Յայտարարուած Արդիւնքը Կրնայ Փոխուիլ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.