Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբի առաքելութեան Հալէպի կեդրոն եւ ողջունեց 83 հայ մասնագէտներն ու անոնց հրամանատարները:
Վեհափառ հայրապետը գնահատելով անոնց մարդասիրական առաքելութիւնը ըսաւ.
«Ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունեմ ձեզ: Սուրիա ձեր ներկայութիւնը Հայաստանի ներկայութիւնն է: Մեզի համար Հայաստանի ներկայութիւնը սրբազան ներկայութիւն է, որովհետեւ Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Ո՛ւր որ ալ գտնուինք, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով, իր մօտեցումով պէտք է մասնակից դառնայ հայրենիքի հզօրացման հաւաքական աշխատանքին:
«Դուք ձեր մարդասիրական առաքելութեամբ պերճախօս վկայութիւն մը կու տաք սուրիացի ժողովուրդին` քրիստոնեայ թէ իսլամ, որ հայ ժողովուրդը հայրենասէր ժողովուրդ է, հայ ժողովուրդը արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ մարդասիրութիւն կը տարածէ ամէնուրեք: Ցեղասպան թուրքը մահ սփռեց ու քանդեց ամէն տեղ, մինչդեռ մեր ժողովուրդը Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, Սուրիա եւ ամէնուր վերաշինութեան ու վերածաղկումին նպաստեց:
«Վստահ եմ, որ սուրիացի ժողովուրդը անհուն սիրով ողջունեց ձեզ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները Սուրիա հասան, սուրիացի ժողովուրդը սիրով ընդունեց մեզ, իր հացը, ջուրը բաժնեկցեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Այսօր, դուք ձեր ներկայութեամբ, ձեր մարդասիրական առաքելութեամբ մեր փոխադարձ սէրը, երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը կը յայտնէք սուրիացի ազնիւ ժողովուրդին:
«Անհուն սիրով, հայրական ջերմ գուրգուրանքով կ՛ողջունեմ ձեզ բոլորդ, կ՛ողջունեմ ձեր հրամանատարները, պատասխանատուները եւ կ՛աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ ձեզ անվտանգ պահէ եւ յաջողութիւն պարգեւէ ձեզի` ձեր ազնիւ առաքելութեան մէջ»:
Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը մտերմաբար զրուցեց հայ մասնագէտներուն հետ եւ յիշատակի խմբանկար մը ունենալով իր պատուիրակութեան հետ Անթիլիաս վերադարձաւ:



