Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. Իշխող Կուսակցութիւնը Կորսնցուց Անգարան Եւ Իզմիրը, Պոլսոյ Մէջ Արդիւնքը Կը Մնայ Վիճելի

April 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ երէկ մասնակցեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, որոնք ընդհանուր առմամբ կը նկատուէին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի շուրջ հանրաքուէ մը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 83,99 առ հարիւր էր:

Էրտողան քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ ընտրութիւնները երկրին ու իր ղեկավարած կուսակցութեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «վերապրումին» կը վերաբերին:

Էրտողանի կուսակցութիւնը քուէներուն շուրջ 45 առ հարիւրը ապահովեց` յաղթանակ արձանագրելով Կեդրոնական Անատոլուի բազմաթիւ նահանգներու մէջ, սակայն 25 տարի ետք կորսնցուց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ քաղաքապետի աթոռը: Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը կորսնցուց նաեւ Իզմիրի եւ Անթալիայի աթոռները: Պոլսոյ մէջ թէ՛ իշխանութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմ, թէ՛ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու իրենց յաղթանակը յայտարարեցին: Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի, Պոլսոյ մէջ քուէներու 98,78 առ հարիւրի արդիւնքին հիմամբ Եըլտըրըմ ապահոված է քուէներուն 48,71 առ հարիւրը, իսկ Իմամօղլու` 48,65 առ հարիւրը:

Էրտողան Պոլսոյ մէջ խօսք մը արտասանելով նշեց, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ունեցած է կորուստներ:

Ընտրութիւնները տեղի ունեցան, մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական անկում մը, սղաճը 20 առ հարիւր է եւ թրքական լիրան կորսնցուցած է իր արժէքին մէկ երրորդը, ինչ որ պատճառ դարձած է սնանկացումներու:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան համար արձանագրուած էին 57 միլիոն քուէարկողներ:

Յայտնենք, որ Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայազգի թեկնածու, նախկին երեսփոխան Սելինա Տողան:

Նախորդը

Ակնարկ. Համեմատութիւններու Ելակէտի Սկզբունքը

Յաջորդը

Թունուզի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական 30-րդ Վեհաժողովը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.