Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Բազէի «Արցախ»-ը

April 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Աչքերս հազիւ կրցայ բանալ արեւածաղիկին արձակած շողերէն եւ ցորենի հասկերուն հետ օրօրուելով` գտայ ճամբայ մը դէպի, դէպի, դէպի… Հանգիստ կը դիմաւորէի խիտ անտառներուն ստուերները եւ հարազատի պէս կ՛ուզէի շա՜տ գաղտնիքներ հասկնալ անոնցմէ: Լեռներն ու կիրճերը, անյատակ ձորերը միայն յաւելեալ ճիգի եւ կամքի ներշնչարաններ էին. չէի վախնար: Ցերեկն ու գիշերը իրարու խառնած` կը քալէի սրտիս կշռոյթով: Մերթ ընդ մերթ երկինքը իր խաղերը կը ներկայացնէր` օրուան մտածումներուս բեմադրութեամբ. պայծառ երկինք եւ յոյսի շողեր, գորշ ամպեր, մռայլութիւն եւ քաջութիւն: Արկածախնդրութեան մը գերին դարձած` չէի զգար ծանրութիւնը ոտքերուս, յամառօրէն կը քաշէի մարմինս եւ կ՛երթայի դէպի, դէպի, դէպի… Տեղ-տեղ գմբէթաւոր հարազատներ` իրենց շալակին սպասումի յոգնութիւնը, տեղ-տեղ դարաւոր խոց, քարեղէն համբերութիւն եւ լռութիւն: Տեղ մը` հեքիաթ… լեռներուն սիրահարած արեւածագը, արեւածաղիկներուն հարսանիքը, ճերմակ ձին եւ հրայրքը արեւմարին: Տեղ-տեղ` լուսամուտներէ սպրդող վաղուան արշալոյս եւ հաւատքի ուժ. գիւղեր, քաղաքներ, կեանքի եւ մահուան ուրուականներ, բայց միշտ` անառիկ ամրոցներ: Անկարելի էր կանգ առնել… Կապոյտ-կանաչ հորիզոն, ոսկի դաշտեր, մով լեռներ. հազարամեայ ծառեր, նորափթիթ ծառեր, կտրուած ծառեր, բայց անվերջ ծիլեր:

Աչքեր… ծիծաղ ու ցաւ, խինդ ու ցասում ամփոփող աչքե՜ր, «հայու աչքեր, սիրուն աչքեր»: Եւ վերջապէս` սեւ երկինքին տակ պայծառ տղաք…կեանքէն մահ նետուող խիզախութիւն, հողին համար հող գրկող անմահութիւն եւ վեհութիւն:

***

Հասայ եւ հիմա պինդ կը նայիմ ձեր աչքերուն, մեռնո՛ղ եւ ապրո՛ղ տղաք: Ձեզմով աւելի՛կը հասկնամ պատանեկութեանս առաջին տարիներուն մեր ուսուցիչներուն ոգեւորութիւնը, երբ կը խօսէին իրականութեան ճամբան գտած մեր երազներուն մասին, դասագիրքերէն դուրս կը խօսէին նոր հերոսներու կերտած պատմական քայլերուն մասին: Որքա՜ն կը հպարտանայինք ձեզմով, եւ մեր «կտոր մը երկինք»-ին վրայ յաճախ կը սաւառնէին արծիւներ: «Թնդա՛, Ղարաբա՛ղ, մրրիկի երկիր, մեր սիրտը քեզ է եւ արծիւներուդ» երգը կը ցնցէր մեր հազիւ ամրացող էութիւնը, աւելի հնչեղ կը դառնային միութենական կեանքը իմաստաւորող յեղափոխական երգերը` իրենց խորքով, հերոսներու փոխանցած պատգամով: Ձեր խոժոռ հայեացքէն աւելի կը հասկնամ, թէ ինչո’ւ հայրս իր ցուցամատը վճռական թափով կը շարժէր, երբ մեր ընտանեկան թէ ընկերական խրախճանքները կ՛աւարտէին «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգով: Աւելի՛ կը գիտակցիմ, թէ ինչո՛ւ պրն. Զաքարը մեզի կը սորվեցնէր, թէ մե՛նք ալ «Ղարաբաղի բալիկն ենք, մեր պապերի յոյսն ենք…»: Այո՛, հերո՛ս եղբայրներ, ձեր աչքերէն արձակուող կայծն է, որ զիս կը մղէ ճիշդ հասկնալու «Մեր հայրենիքը», թէկուզ երբեմնի «թշուառ ու անտէր», բայց Հպա՛րտ Հայրենիքը` «իւր ազգի ազատութեան» նահատակներուն անվեհեր խոյանքով: Փա՜ռք ձեզ, որ անխառն հայրենասիրութեամբ, անսակարկ նուիրումով եւ արդար հպարտութեամբ կերտեցիք նոր եւ հայուն վայել ուժեղ պատմութիւն:

***

21 նոյեմբեր 1998: Հայրս տուն մտաւ` ձեռքին Հրայր Բազէի «Արցախ» լուսանկարներու գիրքը: ՀՅԴ-ի 108-ամեակին առիթով մեր գիւղին մէջ կազմակերպուած խրախճանքին վիճակահանութեան նուէրն էր, օրուան բախտաւորը` հայրս: Խորքին մէջ ես էի բախտաւորը, որովհետեւ ճիշդ այդ օրերուն փափաք յայտնած էի` ունենալու այդ խօսուն գիրքը:

Հօրս դէմքին կը ցոլար սրտին անհուն բերկրանքը, իսկ ես կը բանայի առաջին էջը` արեւածաղիկն ու ցորենները, ժպտացող եւ շարժող կեանքի շնչող յուշարձանները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (2)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.