Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորին Հաստատած Միջկրօնական Կեդրոնը Կարեւոր Դեր Ունի Կատարելիք» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 29, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ հաստատուած միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ծրագիրի արաբական աշխարհին ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին արաբական տարբեր երկիրներէ եւ կը ներկայացնէին զանազան կրօնական համայնքներ ու ընկերութիւններ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կեդրոնի ընդհանուր քարտուղար Ֆէյսալ Պըն Մուամմար:

«Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ հաստատուած միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան միջազգային կեդրոնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնին դերը սկսած է շեշտուիլ` երբեմն դրական ու երբեմն բացասական մօտեցումներով եւ հետեւանքներով: Աշխարհի կրօնները հիմնուած են խաղաղութեան ու սիրոյ, արդարութեան ու ճշմարտութեան հասարակաց արժէքներու վրայ: Պէտք է ամրապնդել այս արժէքներուն ներկայութիւնը կրօնի հետեւորդներու կեանքին մէջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Խօսելով յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «դարեր շարունակ միաստուածեան այս երկու կրօնները գոյակցած են փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Եօթներորդ դարէն սկսեալ հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մնայուն եւ սերտ յարաբերութիւն մշակած է իսլամութեան հետ: Մեր տարբերութիւնները ճանչցած ու յարգած ենք, միաժամանակ կառչած ենք մեր հասարակաց արժէքներուն, որոնք հիմքը կը կազմեն միաստուածեան կրօններուն: Ներկայ ժամանակներուն, երբ դժբախտաբար կրօնը սկսած է շահագործուիլ ոչ կրօնական նպատակներու համար, անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի»:

Ակնարկելով վերջերս Նոր Զելանտայի մէջ կատարուած ոճրային արարքին` վեհափառ հայրապետը խստօրէն դատապարտեց զայն` նշելով. «Երկու մզկիթներուն դէմ անհաւասարակշիռ անձի մը կողմէ կատարուած ոճրային արարքը խստօրէն դատապարտելի է: Քրիստոնեայ ու իսլամ պատասխանատուները պէտք է յատկապէս դաստիարակութեան ճամբով հեռու պահեն իրենց հետեւորդները նման բռնարարքներէ եւ կրօնի շահագործումէն: Այս գծով Վիեննայի միջկրօնական կեդրոնին առաքելութիւնը, որուն մօտէն ծանօթ ենք, կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Բարձր գնահատանքով կ՛ողջունենք կեդրոնին կատարած աշխատանքները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել կեդրոնի ծրագիրներուն»:

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Կը Մեկնի Հալէպ

Յաջորդը

Կարսի Մէջ Ազրպէյճանի Հիւպատոսը Բողոք Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ «Հայկական Անհիմն Պնդումներու Դէմ Պայքարի Միութեան» Նախագահին Դէմ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.