Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Չեխիա

March 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Չեխիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Չեխիոյ վարչապետ Անտրէ Պապիշի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ չեխական պատուիրակութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ եւ անկեղծ, ինչպէս նաեւ նկատի ունեցած է Լիբանանի եւ շրջանին քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը, Կոլանի հարցն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող խնդիրները:

Պասիլ Պապիշին յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին չլուծուելուն պարագային, վտանգաւոր հարցեր ստեղծելու կարելիութիւնը առկայ պիտի ըլլայ:

Իր կարգին, Պապիշ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են տեղահանուածներու հարցին լուծումի հարցով օժանդակելու Լիբանանին:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իր չեխ պաշտօնակիցին` Թոմաս Պիթրիչեքի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու թղթածրարը:

Այս մասին Պիթրիչեք յայտնեց, որ Չեխիա համաձայն է սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձի  ընտրանքին` աւելցնելով, որ Չեխիա տարեկան դրութեամբ 12 միլիոն տոլար կը յատկացնէ գաղթականներուն:

Պիթրիչեք բարձր գնահատեց Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան Չեխիոյ համար կարեւոր գործընկեր է, յատկապէս ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու իր կարեւոր ներդրումով:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Չեխիոյ խորհրդարանի նախագահ Ռատիք Ֆոտրաչեքի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը աւելի նուազ գումարներ կ՛ենթադրէ, քան` եւրոպացիներուն տրամադրած գումարները, որոնք կը տրամադրուին տեղահանուածներուն հոգալու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Ժահժահ. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Միակ Յոյսը Կը Մնայ Ասատին Վրայ Անոր Բանեցնելիք Ճնշումը` Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին` Կոլանի Մասին Թրամփի Որոշումին Դէմ Յստակ Կեցուածք Ճշդելու

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.