Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրօ-2020. Հայաստան 2-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Պոսնիայէն

March 25, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթ, 23 մարտին, սկսաւ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, երբ կատարեց իր առաջին մրցումը` հիւրը ըլլալով Պոսնիոյ:

«Կրպավիքա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին 14 հազար հանդիսատեսներ:

Հայրենի կազմը պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, որուն ընթացքին կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Ռատէ Քրունիչի նշանակած կոլին (33-րդ):

80-րդ վայրկեանին Տենի Միլոշեւիչ արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, իսկ մրցումին վերջին վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան փենալթիով նշանակեց Հայաստանի միակ կոլը:

Մրցումի ազդանշանին տրուելէն առաջ, հայկական կողմը քանի մը անգամ բողոքեց Պոսնիոյ ֆութպոլի պատասխանատուներուն, որ հայկական Եռագոյնը կախուած է հակառակ ուղղութեամբ:

Թէեւ անոնք պարզաբանեցին, որ հովուն պատճառով անիկա շրջուած է, սակայն հայկական կողմին պնդումներուն վրայ ի վերջոյ դրօշակը վար բերուեցաւ եւ ճիշդ ուղղութեամբ բարձրացուեցաւ:

Երէկ երեկոյեան հայրենի կազմը, վերադարձաւ Երեւան: Նախքան վերադարձը, ֆութպոլիստները կատարեցին թեթեւ փորձեր` պատրաստուելու համար վաղը` երեքշաբթի, 26 մարտին Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ Ֆինլանտայի դէմ կատարուելիք երկրորդ մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Իր կատարած առաջին մրցումին Ֆինլանտա Իտալիոյ մէջ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Իսկ այս խմբակին մէջ տեղի ունեցած երրորդ մրցումին, Յունաստան յաղթեց Լիխթնշթայնին` 2-0 արդիւնքով:

Անդրադառնալով կազմին կրած այս պարտութեան` Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց ըսաւ, թէ արդիւնքէն գոհ չէ, բայց վստահ է, որ տղաքը կրնան աւելի լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերել:

 

Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ռաուտա Տըքուանէ` 5-8

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

RelatedPosts

Բռնցքամարտ.  Հայաստանի Պատանիները  2 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Հայաստանի Պատանիները 2 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան

October 30, 2026
Բռնցքամարտ.  Հայաստան Մէկ Պրոնզով Աւարտեց Աշխարհի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Բռնցքամարտ. Հայաստան Մէկ Պրոնզով Աւարտեց Աշխարհի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւնը

October 30, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Իր Առաջին  Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Իր Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.