«Ռետ Իկըլզ – Ֆեն ակումբը յայտարարեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը խոչընդոտէ իր գործունէութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնը արգելք հանդիսացած է, որ ակումբին համակիրներուն տոմսեր վաճառուին Հայաստանի ազգային հաւաքականի մրցումներուն գծով` Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին տոմսարկղներէն:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուեցաւ, որ շուրջ եօթը ամիսէ ի վեր ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Մելիքբեկեան տարբեր տեսակի խոչընդոտներ կը յարուցէ Ֆեն ակումբին դէմ:
Ասկէ մեկնելով, ակումբը յայտնեց, որ ներկայիս ամէն տեսակի համագործակցութիւն կը դադրեցնէ ֆետերասիոնին հետ: Յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու նպատակով, ակումբը մօտերս պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:



