Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Եւրոպական խաղաղութեան համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Ֆիորիի:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ եւրոպական երկիրներու երեսփոխաններ, որոնք իրենց ներկայացուցած քաղաքական ուժերուն զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանին, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով: Անոնք հաստատեցին, որ պէտք է յաւելեալ ճիգեր ի գործ դրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան միջազգային հեղինակութիւններու մօտ կը գործէ` իրականացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը` դէպի սուրիական ապահով եւ կայուն շրջաններ:
Ան նշեց, որ այս իմաստով Լիբանան երբեմն հարուածներ կը ստանայ այն պետութիւններէն, որոնք Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը աւելի առաջնահերթ կը նկատեն, քան` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:
«Ասիկա խիստ մերժելի է մեզի համար, որովհետեւ մենք մարդասիրական նպատակներէ մղուած հիւրընկալած ենք տեղահանուածները, որոնք պատերազմէն փախուստ տուած էին, սակայն ներկայիս զինուորական ընդհարումները վերջ գտած են: Հետեւաբար կարելի է սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել եւ ութ տարիէ ի վեր Լիբանանի ապահովական, ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական մարզերուն վրայ տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներուն վերջ մը տալ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եան Քուպիշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ 27 մարտին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք նիստին ընթացքին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:



