Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ իր երկիրը Իտլիպի հարցով համակարգում կը կատարէ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, եւ որ Սոչիի մէջ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւնը մեծապէս նպաստած է մարդասիրական մեծ աղէտի մը կանխարգիլման:
Ան շեշտեց, որ Իտլիպի մէջ ընդդիմադիր եւ արմատական ուժերու տարանջատման հոլովոյթը տակաւին կը շարունակուի:
«Թրքական եւ ռուսական ուժերու Իտլիպի մէջ միացեալ պարեկային ծառայութիւնը կարեւոր քայլ մը կը նկատուի կայունութեան եւ զինադադարի պահպանման համար», ըսաւ Աքար` վերահաստատելով Թուրքիոյ` Միացեալ Նահանգներէն ՔԱԿ-ը ապազինելու եւ անոր զինեալները Մընպեժէն հեռացնելու պահանջները:
«Եթէ Իտլիպի մէջ յարձակումները շարունակուին, եւ գաղթը սկսի, ապա 3,5 միլիոն մարդիկ միայն Թուրքիա եւ Եւրոպա պիտի չապաստանին, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներ», ըսաւ ան:
«Սուրիական վարչակազմին հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չունինք, մենք Ռուսիոյ հետ կը հաղորդակցինք, իսկ հարկ ըլլալու պարագային` Իրանի», յայտնեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը` աւելցնելով. «Սուրիական վարչակարգէն մեր մեծագոյն գանգատը զինադադարի խախտումն է… եւ անոնցմէ կ՛ակնկալենք յարգել զայն, եւ ռուսերուն կոչ կ՛ուղղենք` վարչակարգը Իտլիպի մէջ յարձակումներէն ետ կանգնեցնելու»:



