«Ազդակ»-ի կազմակերպած 148-րդ լսարանին նիւթը իւրայատուկ էր, որովհետեւ անոր ընթացքին ներկայացուեցան ներկայիս Ճափոնի մէջ հայագիտութեան վիճակը եւ հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները: Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ լսարանին հիւր զեկուցաբերն էր Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի գիտաշխատող, հայագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա: Նախքան դասախօսութեան սկսիլը, «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերին մասին:
Թաքայուքի Եոշիմուրա առաջին անգամ Հայաստան անունով երկիրի մը մասին լսած է 1988-ի ղարաբաղեան շարժումին ժամանակ: Առաջին անգամ Հայաստան այցելած 1996 թուականին` իբրեւ զբօսաշրջիկ: Ինք այն ատեն հետաքրքրուած եղած է նախկին Խորհրդային Միութեան եւ մասնաւորաբար Ռուսիոյ ազգային փոքրամասնութիւններով, երբեք նպատակ չէ ունեցած զբաղելու հայագիտութեամբ եւ ի մասնաւորի իր ուսումնասիրութեան նիւթը եղող սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան հարցով: Սակայն 2001-2003 թուականներուն Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կը սորվի հայերէն: Այնուհետեւ բազմաթիւ անգամ այցելած է Հայաստան եւ Ազգային արխիւին ու այլ գրադարաններու նիւթերէն օգտուած է` ներգաղթի վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւնները կատարելու համար: Նոյն նպատակով այցելած է նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան վանք, Փարիզի ՀԲԸՄ-ի գրադարան, Հայկազեան համալսարան եւ նոյնիսկ Լոս Անճելըս:
Դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա սահիկներու ցուցադրութեան ընդմէջէն ներկայացուց հայագիտութեան պարզած վիճակը Ճափոնի մէջ: Ան ըսաւ, որ իր պաշտօնավարած համալսարանին մէջ առանձին հայագիտութեան ամպիոն չկայ, բայց տարբեր մասնագիտութիւններու հետեւող ուսանողներ, ըստ իրենց նախասիրութեան, կու գան եւ կը հետեւին հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն: Երեւանի մէջ իր ուսումնառութենէն ետք, Թաքայուքի Եոշիմուրա խանդավառութենէ մեկնելով Թոքիոյի մէջ կազմակերպած է արեւելահայերէնի առաջին խտացեալ արագ դասընթացքը, եւ այսպէս, ամէն տարի կ՛ունենայ 8-10 ճափոնցի ուսանող, որոնք կը հետաքրքրուին հայոց լեզուով եւ հայ մշակոյթով: Անկախ ասկէ, Թաքայուքի Եոշիմուրա գրած է նաեւ գիտական յօդուած` ժամանակակից հայոց պատմութեան մասին:
Ճափոնի մէջ Հայաստանին եւ հայութեան անդրադառնալու ընթացքին ակադեմականները անոնց մասին խօսած են կովկասագիտութեան ընդմէջէն: Ըստ Թաքայուքի Եոշիմուրայի, ճափոնցիները մանաւանդ շատ հետաքրքրուած են գրաբար լեզուով եւ մասնաւորաբար անոր մէջ գտնուող պարսկական շերտով` գտնելու համար գրաբարին մէջ եղող հնագոյն պարսկերէն բառերը եւ այսպիսով վերականգնելու համար հնագոյն պարսկերէնը: Սակայն Թաքայուքի Եոշիմուրան եղած է Ճափոնի մէջ արեւելահայերէն աշխարհաբարի առաջին մասնագէտը, որ ճափոնցի ուսանողներուն համար պատրաստած է առաջին հայերէն-ճափոներէն բառարանը, որուն մէջ ներառած է շուրջ 2000 հայերէն բառ` անոնց ճափոներէն թարգմանութեամբ: Ճափոնցի հայագէտը ըսաւ, թէ հետագային յաւելեալ հայերէն բառեր պիտի աւելցնէ այս բառարանին վրայ եւ պիտի աշխատի ճափոներէն-հայերէն բառարանի ծրագիրին վրայ:
Թաքայուքի Եոշիմուրա նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք Ճափոնի մէջ աւելի յաճախ սկսած են խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին, իսկ Ճափոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրանդ Պօղոսեան Հայաստանը ճափոնական ընկերութեան ծանօթացնող յատուկ աշխատութիւն մը ունի:
Ճափոնցի հայագէտը սահիկներու ցուցադրութեամբ խօսեցաւ նաեւ Հայ-ճափոնական բարեկամութեան ընկերակցութեան միութեան գործունէութեան մասին, որուն անդամ է նաեւ ինք: Ան ըսաւ, որ միութեան գործունէութեան ծիրին մէջ անոր անդամներուն Եոքոհամայի հայոց պատմական գերեզմանատուն այցելած են: Այս գերեզմանատան մէջ թաղուած է Ճափոնի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտաներկայացուցիչ Տիանա Աբգարը:
Ճափոնի մէջ խումբ մը ճափոնցի երաժիշտներու նախաձեռնութեամբ, ներկայիս կը գործէ նաեւ Կոմիտասի անուան երաժշտական միութիւնը: Այս խումբին շարժիչ ուժն է ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա, որ իր ուսումը ստացած ըլլալով Մոսկուայի մէջ, Կոմիտաս վարդապետի երաժշտարուեստի մեծ սիրահարներէն մէկն է: Եոշիմուրա նշեց, որ այս միութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ յուլիսին մեծ համերգով Թոքիոյի մէջ պիտի նշուի Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը:
Այս բոլորէն անկախ, ներկայիս Ճափոնի մէջ հետզհետէ կը մեծնայ թիւը այն հայերուն, որոնք կը հետաքրքրուին ճափոներէնով եւ ճափոնական մշակոյթով: Անոնց մէջ թէ՛ հայաստանցիներ կան, թէ՛ ալ սփիւռքահայեր:
Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:



