ԼԻԲԱՆԱՆԻ Առաջին տիկին Նատիա Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցի կնոջ շարունակելու իր յաջողութիւնները եւ ինքզինք փաստելու հոլովոյթը` բոլոր մարզերուն մէջ, առանց առիթ տալու, որ իր կարողութիւններն ու երազները սահմանափակեն: «Ազատէ՛ ինքզինքդ բոլոր կապանքներէն», շեշտեց ան:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երկօրեայ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա: Կիներու միջազգային օրուան առիթով, վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ քաղաքացիներուն միջեւ իրաւունքի եւ պարտաւորութիւններու հաւասարութիւն հաստատելու ի խնդիր, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր, որ կինը ստանձնէ բոլոր մարզերուն ղեկավարութիւնը` բարգաւաճումի, տնտեսական զարթօնք իրականացնելու եւ ընկերութեան մէջ հաւասարակշռութիւն հաստատելու առումով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան Կիներու միջազգային տօնին առիթով ողջունեց նախ կիները եւ ապա այրերը` առաջիններուն մաղթելով յաւելեալ յաջողութիւններ ու նուաճումներ, եւ դրուատելով տղամարդիկը, որ սկսած են հաւատալ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութեան: «Միասին դէպի կատարելութիւն` իրականացնելու համար մնայուն բարգաւաճում», հաստատեց Հասան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ առանց օրինականութեան առողջ տնտեսութիւն չի կրնար ըլլալ, իսկ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութեամբ անկարելի է ապահովութիւն եւ տնտեսութիւն ունենալ:


