Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոյեան Տապանի Հետքերը Արարատ Լերան Վրայ

March 5, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, ուրբաթ, 22 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը` «Նոյեան տապանի հետքերը Արարատ լերան վրայ» նիւթով:

Դասախօսութիւնը կը հովանաւորէր գաղութի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանը, զոր կը ներկայացնէր Նարեկ Ա. քհնյ. Հեճինեանը: Ներկայ էին վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանը եւ հետաքրքրասէր բազմութիւն մը:

Բացման խօսքը կատարեց Անանիա Քեսթենեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութի առաջնորդին` հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար, ինչպէս նաեւ` Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, որմէ ետք հակիրճ տողերով ներկայացուց օրուան դասախօսը դոկտ. Արի Թոփուզխանեանին կենսագրականը, որ ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած` Ազգ. Սահակեան վարժարան, Ֆրանսական լիսէ, Պէյրութի ճարտարագիտական բարձր. դպրոցը, ապա` Լիոնի համալսարանը, ուր պատրաստած է իր դոկտորական աւարտաճառը եւ պաշտօնավարած` Ազգային կեդրոնին մէջ:

Ան հեղինակ է զանազան գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ նախաձեռնողն է «Մաքինթոշ» մանրակարգիչներու մէջ հայ տառերու եւ յայտագիրներու տեղադրման, անոնց գործածութեան մասին դասաւանդած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարանի եւ Երեւանի Մատենադարանի աշխատակիցներուն:

Ելոյթ ունեցաւ օրուան դասախօսը դոկտ. Արի Թոփուզխանեանը: Ան նշեց, որ կը հետեւէր Արարատի գագաթին վրայ ամերիկացի քրիստոնեաներու կատարած փնտռտուքներուն, եւ երբ կարողացաւ ձեռք բերել անոնց մէկ խումբին պատրաստած շարժանկարը, յանձն առաւ անոր հայերէնի թարգմանութիւնը:

Ապա ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան շարժանկարին, ուր դիտեցին բազմաթիւ մասնագէտներու կատարած հետախուզութիւնները, որոնք գիտական տուեալներով փաստեցին, որ Նոյեան տապանը հանգչած է Արարատ լերան վրայ:

Հանդիպումի աւարտին Հաճնոյ հայրենակցական միութեան ատենապետ Փոլ Եագուպեանը շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Արի Թոփուզխանեանին, ինչպէս նաեւ` ներկաներուն:

Կատարուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1969)

Յաջորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Սրբուհի Ագնէս Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.