ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Լիբանանի ազգային կուսակցութեանց հանդիպումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ ղեկավար խորհուրդի անդամներ Սարհան Սարհան, Խտըր Ղատպան, Ռապիհ Աշուր եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայես:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային նորագոյն զարգացումները: ՀՅԴ-ի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուները ընդգծեցին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուած պահելու եւ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները առկայ պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ ներքին լիբանանեան բոլոր թիւրիմացութիւններն ու տարակարծութիւնները երկխօսութեան միջոցով լուծելու եւ հարցեր ստեղծելէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը:


