Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիւքան. «Ներդրումները Դժուար Թէ Ապահովուին, Առանց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարեկարգելու»

March 4, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներու գործադրութեան հոլովոյթին հսկող ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ, դեսպան  Փիեռ Տիւքան շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան:

Տիւքան այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ վարչապետին խորհրդականները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու նպատակով հարկ եղած ջանքերն ու քայլերը:

Միւս կողմէ, Տիւքան ֆրանսական դեսպանատան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն 9 ամիս ետք, շուրջ ամիս մըն է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուած է եւ երկու շաբաթէ ի վեր մշակած իր աշխատանքային ծրագիրը:

«Հետեւաբար կարեւոր էր, որ այցելէի Լիբանան եւ քննարկումներ կատարէի կառավարութեան ու վարչապետին հետ, իմանալու աշխատանքի ընդհանուր մթնոլորտը: Այս ծիրին մէջ տեղեկացայ, որ շարք մը հարցերու շուրջ համաձայնութիւն կայ, եւ 6 ապրիլին Փարիզի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը տակաւին առկայ է, յատկապէս Լիբանանի ենթակառոյցին մէջ գործադրուելիք բարեկարգումներուն առումով», ըսաւ Տիւքան:

Ան նշեց նաեւ, որ այս ծրագիրի ֆինանսաւորումին յատկացուած 11 միլիառ տոլարը առկայ է, եւ աւելցուց, որ Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու, որպէսզի կարենայ նոր ներդրումներ ապահովել` բարելաւելու համար երկրին տնտեսութիւնը:

Տիւքան շեշտեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու իմաստով յստակ յանձնառութիւն գոյութիւն ունի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը ոչ մէկ ձեւով պէտք է յապաղի, եւ անոր գործադրելիք նուաճումները, որոնցմէ` 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, պէտք է անմիջական ըլլան, որովհետեւ ներդրումները դժուար թէ ապահովուին առանց ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգելու, այսինքն` շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն հայթայթելու:

Տիւքան ընդգծեց, որ պէտք է Լիբանանի տնտեսութեան զարգացման համար կարեւոր եւ օգտակար ծրագիրներու հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել, ինչպէս նաեւ ապահովել այնպիսի պայմաններ, որոնք օժանդակեն այդ յատկացումները յարմարագոյն մարզին մէջ ճիշդ կերպով օգտագործելու:

Նախորդը

Պըրրի Ընտրուեցաւ Խորհրդարանական Արաբական Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար

Յաջորդը

«Ստեղծուած Նոր Իրավիճակին Մէջ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Նոր Հնարաւորութիւններ Կը Ստեղծուին» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.