Փաքիստան յայտարարեց, որ վար առած է Հնդկաստանի հետ վէճի նիւթ եղող Քաշմիր նահանգին վերեւ թռիչք կատարող հնդկական օդուժին պատկանող երկու օդանաւեր, որոնցմէ մէկը ինկած է փաքիստանեան տարածքին մէջ, եւ երկու հնդիկ օդաչուներ գերեվարուած են: Փաքիստան նաեւ հերքեց, թէ իր օդանաւերէն մէկը վար առնուած է:
Երկու երկիրները 1947-ին Բրիտանիայէն անկախանալէ ի վեր իրարու դէմ մղած են շարք մը պատերազմներ, որոնցմէ միայն մէկը Քաշմիրի հարցով չէր:
Մէկ օր առաջ Հնդկաստան յայտարարած էր, թէ իր օդուժը յարձակում գործած են Քաշմիրի` Փաքիստանի կողմէ վերահսկուած շրջանին մէջ տեղակայուած «ահաբեկիչներու հիմնական ճամբար»-ի մը դէմ` պատճառելով մեծ թիւով զոհեր:
Փաքիստան իր կարգին յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան հարուածած է «ոչ զինուորական թիրախներ` խուսափելով մարդկային վնասներէ եւ կողմնակի վնասներէ»: Հնդկական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ փաքիստանեան օդանաւերը ետ մղուած են:
Երկու բանակները նաեւ կը կատարեն փոխադարձ ռմբակոծումներ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երկու երկիրներուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի եւ «որեւէ գնով մագլցումէ խուսափելու»: Ան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
«Այժմ անմիջական կարիք կայ, որ Փաքիստան իր հողերուն վրայ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մեծ քայլերու ձեռնարկէ», ըսաւ ան:
Աֆղանական Թալեպան շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ բախումները պիտի ազդեն Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին վրայ, եւ Հնդկաստանին կոչ ուղղեց` «իր դրացիին դէմ մագլցողական քայլերը դադրեցնելու»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:



