Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-րդ Տարելիցին Առիթով. «Հողեր Չունինք Տալու» Կարգախօսով Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

February 27, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 26 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հողեր չունինք տալու» կարգախօսով հանրահաւաքը` ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերուն 31-րդ տարելիցին:

Հաւաքի մասնակիցները, որոնց կարգին էին մեծ թիւով ազատամարտիկներ, հաւաքուեցան Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր անմար կրակէն վառած ջահերով քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ: Հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցան շարք մը ազատամարտիկներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան: Ան նշեց, որ այս հաւաքին միջոցով խօսք կ՛ուղղեն  աշխարհին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն:

Արթուր Եղիազարեան անդրադարձաւ Արցախի տարածքներու հարցին` ըսելով, որ որոշ ուժեր անիկա դարձուցած են վիճայարոյց նիւթ: Արթուր Եղիազարեան յայտարարեց, որ այսօր Արցախի մէջ գոյութիւն չունի գրաւուած կամ ազատագրուած տարածք, կայ Արցախի Հանրապետութիւն` իր վարչական շրջաններով, իր սահմանադրութեամբ, եւ այդ նիւթը քննարկման ենթակայ չէ:

Անոր համաձայն, այսօր կեղծ օրակարգով մարդիկ կան, որոնք կ՛ըսեն, թէ  մենք պատերազմասէր ենք, մինչդեռ իրենք` խաղաղասէր: «Անոնք կը ստեն, կը կեղծեն: Այս ազատամարտիկներէն աւելի ոեւէ մէկը խաղաղութիւն չ՛ուզեր, որովհետեւ անոնք պատերազմին ընկերներ  կորսնցուցած են, տեսած են այդ դժուարութիւնները, ունեցած են այդ փորձութիւնները: Տուողին չեն յարգեր, տուողին ուրիշ բան կ՛ընեն, ուրեմն` մենք տալիք ոչ մէկ բան ունինք: Մենք նոյնիսկ բանակցելու ոչինչ ունինք Ազրպէյճանի հետ, բացառութեամբ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին», ըսաւ Արթուր Եղիազարեան` աւելցնելով, որ Արցախը Հայաստան է, ու ատիկա բոլորիս մտքին մէջ է, եւ ուշ կամ կանուխ, պիտի ունենանք Միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստան` Արցախով հանդերձ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Ազատամարտիկներու  յանձնախումբի պատասխանատու, պահեստազօրի գնդապետ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից, Շուշիի առանձին հրաձգային գումարտակի ՀՅԴ շտաբի պետ, ՀՅԴ Գիւմրիի ջոկատի հրամանատար Արտաշէս Մխիթարեանը:

Ան նշեց, որ վերջին շրջանի իրադարձութիւնները մտահոգիչ են, քանի որ աշխուժացած են ապազգային ուժերու կողմէ Արցախի ազատագրուած տարածքներու զիջումներու մասին յայտարարութիւնները: Ազգաբնակչութեան դիրքորոշումին վրայ ազդելու նպատակով փորձ կը կատարուի, յանուն խաղաղութեան, լայն քննարկման նիւթ դարձնել Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածով ամրագրուած` Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու  իրաւազօրութեան ներքեւ գտնուող տարածքներու զիջման հարցը:

Արտաշէս Մխիթարեանի համաձայն, պարտուողական եւ ազգադաւ  դիրքորոշումներով յայտնի գործիչները իրենց ասուլիսներուն եւ յայտարարութիւններուն ընթացքին կ՛արժեզրկեն իրենց մարտական ընկերներու կեանքին գնով ձեռք բերուած յաղթանակի արդիւնքները` համեմատելով 2018-ի իշխանափոխութիւնը Արցախեան ազատամարտին  հետ:

Արտաշէս Մխիթարեան համոզուած է, որ խնդիրը կը լուծուի, եթէ ազգովին  առաջնորդուինք «Զարգանալ` չզիջելով» կարգախօսով, ինչ որ թէեւ  դժուար, բայց պատուաբեր ճամբայ է: Մինչդեռ շարունակաբար զիջումներու մասին խօսելով` կարելի է բռնել կործանման ճամբան: Ուստի առաջնահերթ խնդիր կը մնայ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ  ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը, որուն միջոցով Հայաստանը պարտաւորութիւն կը ստանձնէ իրաւական հիմքով կատարել իր` երաշխաւորի պարտականութիւնները:

Նախորդը

Հանդիպում Մոսկուայի Հայ Դատի Գրասենեակին Մէջ

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպան Շամսի Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.