Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած Է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները

February 23, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ:

Վարչապետի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Շատ կարեւոր կը նկատեմ այս կապը, այս խօսակցութիւնը: Յատկապէս այս խօսակցութիւնը կարեւոր է մեր երկրի ապագային վերաբերեալ, մեր ժողովուրդի ապագային վերաբերեալ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ մեր համազգային օրակարգի քննարկման շատ կարեւոր առաքելութիւն ունինք եւ մեր համազգային օրակարգի ձեւաւորման շատ կարեւոր առաքելութիւն ունինք: Մենք գիտենք մէկ բան. ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր ժողովուրդը, ե՛ւ մեր եկեղեցին, ե՛ւ մեր հոգեւոր դասը մէկ բանի համաձայն ենք, որ մենք պիտի չպարտուինք եւ պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրին, որ մեր պետութեան, մեր ժողովուրդին առջեւ է, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի»:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը քանի մը օր է, որ արդէն կը գտնուի Հայաստան` Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, եւ իրենք անդրադարձած են եկեղեցին  յուզող հարցերուն, խնդիրներուն: Այս առնչութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ըսած է. «Մենք անդրադարձանք մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան, մեր ազգային կեանքին, մեր հոգեւոր կեանքին` կարեւոր նկատելով մեր գործունէութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան, մեր ժողովուրդի ազգային միասնութեան, ինչպէս նաեւ մեր երկրի կեանքի յառաջընթացին համար: Մենք ընդգծեցինք անհրաժեշտութիւնը, որ մեր երկրին մէջ տիրէ կայունութիւն, տիրէ սիրոյ մթնոլորտ»:

Այնուհետեւ խօսքով հանդէս եկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, նշելով. «Սիրելի՛ պարոն վարչապետ, ասիկա մեր երկրորդ հանդիպումն է, եւ այս անգամ աւելի պաշտօնապէս` իբրեւ վարչապետ կ՛ողջունեմ ձեր առաքելութիւնը: Իմ սպասումս է, որ ժողովուրդի սպասումները, կարիքները հանգրուանային կերպով իրագործուին: Եթէ  կան բեւեռացումներ, այդ բեւեռացումները պէտք է կամրջուին նոյն արժէքներուն շուրջ: Եւ այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ դերը ես շատ կարեւոր կը նկատեմ: Ուրախ եմ, որ ձեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաք եկեղեցւոյ դերին: Վեհափառը ինքն ալ ըսաւ, որ եկեղեցի-պետութիւն այս յարաբերութիւնները, աւելի ճիշդ` գործակցութիւնը, պիտի ըսեմ, նկատի ունիմ հրամայական է թէ՛ ազգաշինութեան, թէ՛ հայրենակերտումի իմաստով»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ. «Դաշնակցութեան Համար Դրօշը, Քայլերգը, Զինանշանը Սրբութիւններ Են, Որոնք Փոփոխութեան Ենթակայ Չեն»

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները Հանդիպում Ունեցած Են Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.