Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանուցողական. Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու Պատուիրակութեան` Նախագահ Միշել Անունի Հետ Հանդիպման Առիթով` Հարցազրոյց` Լիբանանահայ Գործարար Փոլ Այանեանին Հետ

February 23, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄ.֊ Կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ ձեր պատուիրակութեան հանդիպման մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.֊ Վսեմաշուք նախագահ Միշել Աուն 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ Լիբանանի գործարարներու եւ առեւտրականներու պատուիրակութիւնը ընդունեց: Այս կարեւոր հանդիպման բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժունիէի առեւտրականներու գրասենեակի տնօրէն Նեսիպ Ժեմայելը: Պատուիրակութեան մաս կազմող քանի մը անդամներ ելոյթ ունեցան` ներկայացնելով երկրի տնտեսական, առեւտրական եւ զբօսաշրջային իրավիճակը` այս դժուարին ժամանակներուն: Ապա հրաւիրուեցայ ներկայացնելու մեր կարծիքն ու հաւաքագրած փաստերը` լիբանանեան հայրենիքին օգտակար դառնալու համար:

ՀԱՐՑՈՒՄ.֊ Որո՞նք էին այն տնտեսական, գործարարական, ընկերային հարցերը, որոնք ներկայացուցիք նախագահ Միշել Աունին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.֊ Նախ եւ առաջ անդրադարձանք անգործութեան ահաւոր ալիքին, որ այսօր 51 տոկոսի հասած է, եւ անընդունելի նկատեցինք, որ վերջերս 35.000 երիտասարդներ լքած են Լիբանանը եւ օտար երկինքներու տակ աշխատանք կը փնտռեն: Մանաւանդ նկատի առնելով, որ արաբական երկիրներու տնտեսական վիճակը յոգնած է այս օրերուն, մեր երիտասարդները կ’արտագաղթեն Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա: Միւս կողմէ` հազարաւոր եգիպտացի, պանկլատէշցի եւ աւելի քան 1,5 միլիոն սուրիացի բանուորներ եւ արհեստաւորներ ոչ միայն այսօր կ’աշխատին աժան ձեռավարձերով, այլեւ կը գրաւեն լիբանանցի վարպետ արհեստաւորներու, երկրաչափներու, ելեկտրագէտներու, ինքնաշարժներու մասնագէտներու տեղերը` որպէս աշխատող եւ առեւտրական: 3 տարի առաջ, այն ժամանակուան Լիբանանի աշխատանքի նախարար Սըժաան Էզզէին յղած էի նամակ մը` ըսելով, որ օրէնքը կ’ըսէ, թէ Լիբանանի մէջ օտարահպատակ գործաւորներուն թիւը պէտք չէ 10 տոկոսը անցնի, իսկ 90 տոկոսը պէտք է լիբանանցիներ ըլլան: Հարկաւոր էր վերահսկողութիւն եւ տուգանքներ հաստատել օտարահպատակ աշխատցնող լիբանանեան ընկերութիւններուն վրայ: Երկու անգամ տուգանելէ ետք, 3-րդ ազդարարութեան չանսալու պարագային, պէտք էր փակել զանոնք: Դժբախտաբար, սակայն, այսօր պատկերը ահաւոր է: Աշխատանքային շուկային մէջ օտարներ կը կազմեն 90 տոկոս, մինչ 10 տոկոսը լիբանանցիներ են: Ստիպուած` մեր վարպետ արհեստաւորներն ու մասնագէտները կը բռնեն արտագաղթի նոր հորիզոններ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.֊ Ինչպիսի՞ն էր ձեր անդրադարձը ընկերային եւ առողջապահական բարդ իրավիճակին մասին, Լիբանանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.֊ Ըստ Լիբանանի Առեւտուրի գրասենեակի վիճակագրական տուեալներուն, շուրջ 800.000 յարկաբաժիններ կառուցուած են եւ պարապ են, ու նոյնիսկ կէս գինով իսկ անկարելի է զանոնք վաճառել… Միւս կողմէ, վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրէն իսկ, աղբանոցներու գարշահոտութիւնը կը հասնի մինչեւ Ժունիէ, Պրումմանա, Էշրեֆիէ եւ այլ շրջաններ` ազդելով ոչ միայն զբօսաշրջութեան վրայ, այլեւ պատճառ կ՛ըլլայ վտանգաւոր հիւանդութիւններու, ինչպէս` քաղցկեղի եւ շնչառական բարդութիւններու տարածման, որոնց բուժումը մեծ գումարներու կը կարօտի, մանաւանդ` նկատի առած դեղերու ահաւոր սղութիւնը, որ քանի մը անգամ աւելի է ոչ միայն արաբական երկիրներու, այլ նաեւ  եւրոպական դեղերու շուկայէն…

Հանդիպումի աւարտին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահէն խնդրեցինք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ համահունչ, ապրիլ 24-ը, Լիբանանի Նահատակաց մայիս 6-ի ոգեկոչման հետ, արժանացնէ պետական ճանաչման: Ապա, մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով վսեմաշուք նախագահ Միշել Աունին, ակամայ հրաժեշտ տուինք` դարձեալ հանդիպելու ցանկութեամբ:

Պէյրութ

 

Նախորդը

Հին Աշխարհի «Միւս» Հրաշալիքները

Յաջորդը

Գրիգոր Շահինեանի Մահուան 10-րդ Տարեդարձին Առիթով

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.