Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաեւրոպական համագործակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Քելին «Քոմսոմոլսքայա փրաւտա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին` նշելով, որ Ռուսիան երկու դաշնակից երկիրներուն չվստահելու պատճառ չունի:
«Մենք ըմբռնումով կը վերաբերինք մեր հայ եւ պիելոռուս գործընկերներու հետաքրքրութեան` մասնակցելու ծրագիրի մը, որ անոնք կը նկատեն իբրեւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւն, նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ տնտեսութեան կայուն զարգացման ապահովման համար: Անոնք մեր յուսալի դաշնակիցներն են, մենք պատճառ չունինք անոնց չվստահելու», ըսած է Քելին:
Բայց եւ այնպէս ան չէ թաքցուցած, որ Ռուսիան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին վերաբերեալ Պրիւքսելի «գեղեցիկ խօսքերուն» տակ որոշ այլ նպատակներ ու փորձեր կը տեսնէ: Ըստ Քրեմլինի, Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի Ռուսիոյ մօտ եղող երկիրները դնել ընտրութեան առջեւ` կա՛մ ըլլալ Ռուսիոյ հետ, կա՛մ Արեւմուտքի:
«Այդպիսի փորձերու հետեւանքները մենք ամբողջապէս կրնանք տեսնել Ուքրանիոյ օրինակին մէջ», ըսած է ռուս պաշտօնատարը` աւելցնելով, որ Ռուսիան կ՛աշխատի «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի «սրբագրման» ուղղութեամբ, եւ այս հարցին մէջ նոյնինքն Հայաստանն ու Պիելոռուսիան կ՛օգնեն Ռուսիոյ:



