Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «Քորէա Թայմզ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի տագնապին եւ պնդեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են «բարձր մակարդակով ինքնավարութեան իրաւունք» շնորհելու Արցախի բնակչութեան:
«Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները պէտք է դրսեւորեն քաղաքական կամք եւ գործեն ի շահ խաղաղութեան հաստատման, կայունութեան ու շրջանին մէջ կայուն զարգացման», աւելցուց Մամետեարով:
Ան նշեց, որ Պաքու յոյս ունի, որ այս տարի յստակ յառաջխաղացք տեղի կ՛ունենայ եւ հայկական զօրքերը (այսպէս կոչուած) «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն» կը հեռանան:
Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ 16-18 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ ապահովական հարցերով հերթական համաժողով մը, որուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան կրնայ հանդիպիլ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ:



