Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էմ. Թի. Վի.» Դոկտ. Իմատ Մրատ` Հայաստանի Մէջ Քրիստոնէութեան Ընդունման Հոլովոյթին Մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Առանցքային Դերին Մասին

February 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը կը նկատուի աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը: Ան քրիստոնէական գաղափարներով տոգորուած` մաքառեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններու դէմ, յաղթահարեց բազում արհաւիրքներ, պահեց իր ինքնութիւնը եւ իր անմնացորդ աւանդը ներդրեց համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին մէջ:

301 թուականին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ շրջադարձ տեղի ունեցաւ: Հայոց թագաւորութեան ամրապնդման եւ հոգեւոր վերազարթօնքի ակնկալութեամբ Տրդատ Գ.-ի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի ջանքերով Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ: Պատմական այս իրադարձութիւնը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հասարակական-քաղաքական կեանքի եւ հոգեւոր մշակոյթի զարգացման վրայ:

Հայ եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան դերը անուրանալի է կազմաւորման առաջին իսկ օրէն սկսեալ: Անոնք ոչ միայն հայկական պետութեան յենարանն էին, այլեւ` անոր բացակայութեան ազգային կեանքի կազմակերպիչն ու ժողովուրդի միասնութեան ամրապնդման գլխաւոր դերակատարը: Հայ գիրի եւ գրականութեան, արուեստի  ու գիտութեան, կրթութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան զարգացման ու պահմանման աշխատանքին մէջ ակներեւ է անոնց ներդրումը:

6 յունուար 2019-ին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» (Հերիթէյճ էնտ քալչըր) յայտագիրով լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անկիւնադարձային թուական մը եւ առանձնայատուկ սուրբ մը` 301 թուականին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական հռչակումը եւ հայոց կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը: Յայտագիրի հաղորդավար Ալպեր Թահումի հիւրընկալեց լիբանանեան համալսարանին մէջ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս դոկտ. Իմատ Մրատը: Ան իր հարցազրոյցին սկիզբը խօսեցաւ Հայաստանի մասին եւ ըսաւ, որ ան հսկայ թագաւորութիւն մըն էր, հարուստ պատմութեամբ եւ աշխարհագրական դիրքով: Զանազան պետութիւններ իրենց արշաւանքներու ժամանակ հանճար, զարգացած եւ զինուորական հայերու կարողութենէն օգտուած են եւ զանոնք նոյնիսկ ներմուծած արաբական զօրքերու մէջ: Այս առումով, Գրիգոր Լուսաւորիչ կը պատկանէր առհասարակ Հայ եկեղեցւոյ, որովհետեւ այդ ժամանակ եկեղեցին յարանուանական բաժանում չունէր: Իմատ Մրատը խօսեցաւ 3-րդ դարուն Տրդատ Գ.-ի թագաւորութեան շրջանին մասին եւ ըսաւ, որ ան տիքթաթոր էր եւ կը հալածէր քրիստոնեաները: Տրդատ Գ. երբ Հռոմէն եկաւ թագաւորութիւնը ստանձնելու, Կապադովկիայէն ընտրեց իր խորհրդականներն ու թիկնապահները: Իր ընտրած անձերուն մէջ կար նաեւ Գրիգոր վարդապետ, որ շատ խելացի էր: Երբ Հայաստան հասան, եւ Անահիտ աստուածուհիին արձանը պաշտելու ժամանակը հասաւ, Գրիգոր մերժեց երկրպագել եւ ըսաւ, որ ինք քրիստոնեայ է: Տոքթ. Մրատ լուսարձակի տակ առաւ Գրիգորի յանդուգն կեցուածքն ու քաջութիւնը անտեսելով ամէն տեսակ չարչարանք: Ան նշեց նաեւ, որ Գրիգորի հայրը սպաննած էր Տրդատի հայրը: Տրդատ բանտարկել տուաւ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Այս իրականութեան անտեղեակ էին թէ՛ Տրդատ եւ թէ՛ Գրիգոր Լուսաւորիչ: Հարցումը մը, թէ ինչպէ՛ս Գրիգոր ուսում ստացաւ, երբ դժուարութիւններ կային: Ան յայտնեց, որ իր հոգատարը ստանձնեց ուսման բոլոր ծախսերը: Թագաւորին հրամանով ստուգեցին եւ գիտցան Գրիգորին ինքնութիւնը: Տրդատ անմիջապէս բանտարկել տուաւ Գրիգորը Խոր Վիրապին մէջ: Տասնչորս տարի աղօթքով ապրեցաւ: Զինք կերակրեց ծեր կին մը, որ ըստ պատմաբաններու, Ս. Հոգին էր: Ան կ՛աղօթէր, որ Աստուած ներէ հօր մեղքերը, եւ հայ ժողովուրդն ու թագաւորը քրիստոնեայ դառնան: Կարճ ատեն ետք թագաւորը հիւանդացաւ: Միայն թագաւորին քոյրը տեսիլքի մը միջոցով յայտնեց, որ Խոր Վիրապի մէջ գտնուող Գրիգորը կրնայ բժշկել զայն: Գրիգոր Լուսաւորիչ երբ ելաւ Խոր Վիրապէն, ներեց Տրդատը, եւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ Հայաստանի մէջ: Գրիգոր դարձաւ Տրդատ թագաւորի խորհրդատուն: Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ երկիրը եղաւ համաշխարհային առումով: Երկրորդ երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց, Հռոմն էր, 313-ին: Գրիգոր Լուսաւորիչ քանդել տուաւ հեթանոսական արձաններն ու մեհեանները եւ անոնց տեղ քրիստոնէական տաճարներ կառուցեց:

Դոկտ. Իմատ Մրատ նշեց նաեւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր ծերութեան առանձնացաւ Արարատ լերան ստորոտը, ուր այցելեցին բազմաթիւ ուխտաւորներ:

Ապա Իմատ Մրատ նշեց Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Գրիգոր Նարեկացիի նմանութիւններն ու տարբերութիւնները եւ ըսաւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ քրիստոնէութեան աւետաբերն էր, իսկ  Գրիգոր Նարեկացի` գիտնական ու փիլիսոփայ: Նարեկը կամ Նարեկացին վանք յանձնուեցաւ, որովհետեւ իր մայրը կորսնցուց, իսկ հայրը քահանայացաւ: Հռոմի  Ֆրանչիսկոս պապը տիեզերական սուրբ հռչակեց Ս. Գրիգոր Նարեկացին` անոր ունեցած մեծ վաստակին եւ հոգեւոր գրականութեան մէջ անոր բերած մեծ նպաստին համար: Ան խօսեցաւ նաեւ այդ օրերուն  Հայաստանի կացութեան, ընդարձակման եւ միացեալ Հայաստանի մասին:

«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» յայտագիրը անգամ մը եւս պանծացուց Հայ եկեղեցւոյ մեծ սուրբերուն` Գրիգոր Լուսաւորիչի, Գիրգոր Նարեկացիի վաստակն ու ապրած սրբակենցաղ կեանքը: Կը մնայ մեզի վառ պահել  անոնց անունը եւ գործերը:

Արժանի յարգանք եւ շնորհակալութիւն դոկտ. Իմատ Մրատին` իր վերլուծական ակնոցով փոխանցած տեղեկութիւններուն համար: Յատուկ շնորհակալութիւն` հաղորդավար Ալպեր Թահումիին եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծագոյն անդամներէն մէկուն` Գրիգոր Լուսաւորիչին կեանքն ու առանցքային դերը:

 

Նախորդը

Օդին Մէջ Տեղ Մը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Քննական Միտքը Ազատ Միջավայրի Մէջ Կը Զարգանայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.