Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիպար Հայը Եւ Նուիրեալ Կուսակցականը Զոհրապ Ինճէեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

February 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,
Յոյսըս դուք էք, ընկերնե՛ր,
Շարունակէք մեր սուրբ գործը,
Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:

Հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն եւ հայոց տարագրութենէն ետք բազում արհաւիրքներ ապրած է, յատկապէս` անոնք, որոնք ջարդի ու տեղահանութեան ականատես վկաները դարձած են: Սփիւռքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ այդքան ալ հեզասահ չէ ընթացած գաղութի կազմաւորումը, մանաւանդ երբ ամայի  եւ անմարդաբնակ հողատարածքը պիտի վերածուէր բնակչութեամբ եռուն բնակավայրի մը: Այդ սերունդի մարդոց արժանի յարգանք պէտք է ընծայել, որոնք հայ ինքնութեան պահպանման ի խնդիր մեծ զոհողութիւններ յանձն առին: Երբ ականջալուր դառնանք ականատեսի իրենց վկայութեան, կը նկատենք, որ ջարդի ու տեղահանութեան սերունդի պատկանողները օժտուած էին համբերութեամբ, հաստատուն կամքով ու դարձեալ հայկական օճախ կառուցելու եւ գոյատեւելու սրբազան առաքելութեամբ: Ուրեմն մենք` Ցեղասպանութեան երրորդ սերունդի պատկանողներս, որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք առաջին, հեռատես եւ անզիջող սերունդի աննկուն կամքին եւ գոյատեւման պայքար մղած նուիրեալ հայորդիներու հանդէպ: Առանց այդ պատասխանատուներու եւ հայրենակիցներու պայծառ տեսլականին` այսօր սփիւռքի գոյութիւնը խաթարուած պիտի ըլլար:

Ահա Մուսա Լերան հերոսամարտի տեղահանութենէն վերապրած մը` յանձինս Զոհրապ Ինճէեանի, քառասուն օրեր առաջ իր հոգին կ՛աւանդէր եւ կը միանար փաղանգին այն հազարաւոր նուիրեալ դաշնակցականներու, որոնք օրն ի բուն ազգապահպանման ջահը վառ պահեցին:

Զոհրապ Ինճէեանը` բնիկ մուսալեռցի, ծնած է 1935-ին եւ իր հայրենակիցներուն հետ չորս տարեկանին բռնած է գաղթի ճամբան ու կայք հաստատած` Լիբանան: Անոր մանկութեան յուշերը լաւագոյնս կը վկայեն հայուն ապրած Գողգոթայի ճանապարհը: Այնճար հայաւանը, որ մուսալեռցիներուն տրամադրուեցաւ, սոսկ ճահճահուտ հողատարածք մըն էր, ուր կեանքի նուազագոյն պայմանները բացակայ էին: Համաճարակ, հիւանդութիւններ, անօթութիւն, ցուրտ կլիմայ եւ ասոնց զուգահեռ` հայապահպանում անյետաձգելի խնդիրներ, որոնք ֆրանսացիներու, ինչպէս նաեւ ձեռներէց հայորդիներու, յատկապէս Մովսէս Տէր Գալուստեանի ջանքերով դժուար յաղթահարելի եղան: Ան նախակրթութիւնը ստանալէ ետք գիւղի վարժարանին մէջ, պատանի տարիքէն կը նետուի կեանքի ասպարէզ` իբրեւ կօշկակար: Կ՛անդամագրուի ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն` 1967-ին:

Հայկական ընտանեկան բոյնը կը կազմէ եւ կ՛ամուսնանայ Մարի Տէօքմեճեանի հետ: Կը բախտաւորուի 4 զաւակներով` 3 մանչ եւ 1 աղջիկ: Դժբախտաբար իրենց հոգին փոթորկեցաւ, երբ անակնկալօրէն կորսնցուցին իրենց երկրորդ մանչ զաւակը փոքր տարիքին:

Ան երկար տարիներ անդամակցած է ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին եւ իր անմնացորդ մասնակցութիւնը բերած` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին թաղային պաշտպանութեան, «Սան Մարինոյի» կեդրոնին մէջ: Ան հաւատաւոր դաշնակցական զինուոր եղած է, բծախնդիր ու ճշդապահ կուսակցական: Կը հաւատար Դաշնակցութեան ուժին եւ անոր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնացած է մինչեւ մահ: Ան հարցերը լաւ դիտելու կարողութիւնը ունէր եւ իր կեցուածքներուն մէջ կարծր էր: Իր ժամանակի «Սարդարապատ» ակումբի դաշնակցական նուիրեալ գործիչները, ինչպէս` Աբօ Աշճեանը, Խաչիկ Արապեանը, Խաչիկ Պասմաճեանը, Յակոբ Կարպուշեանը եւ ուրիշներ մեծ ազդեցութիւն ձգած են իր վրայ:

Ան բուռն ընթերցասէր էր: «Ազդակ» օրաթերթը իր ամէնօրեայ հոգեւոր սնունդն էր, որուն միջոցով իրազեկ կը դառնար կուսակցական թէ հայաստանեան լուրերուն: Կը գուրգուրար ոսկեղենիկին վրայ: Հայերէն բացատրողական բառարանները (Կռանեան, Գայայեան) իր մնայուն ընթերցանութեան եւ պրպտումի աղբիւրները կը կազմէին: Իսկ կուսակցական գրականութիւնն ու ազգային-յեղափոխական երգարանը ներշնչման աղբիւրներ էին իրեն համար: Ան նաեւ եկեղեցասէր էր: Թէ՛ Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ թէ՛ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցիներուն մէջ ս. պատարագներուն ներկայութիւնը հոգեւոր սփոփանք էին: Ան կը քաջալերէր իր շրջապատը` Աստուծոյ տաճար յաճախելու: Այս ձեւով ան քրիստոնէական ապրող կեանքի տիպար դարձաւ:

Իր կեանքի բնորոշ յատկանիշներն են` ընտանեկան սէրը, գուրգուրանքը, եկեղեցասիրութիւն, տիպար դաշնակցական եւ հայասէր ըլլալը:

Իրեն համար Այնճար հայաւանը մնայուն ներշնչման եւ կազդուրման աղբիւր էր: Ամէն գարնան իր կնոջ հետ կը փոխադրուէր Այնճար` վայելելու բնութեան բարիքները, ցանքով զբաղելու եւ գիւղի ազգային մթնոլորտը ըմբոշխնելու:

Երէց սերունդի անդամ Զոհրապ Ինճէեանը մէկ տարի առաջ անակնկալօրէն կորսնցուց իր կողակիցը, որուն բացակայութիւնը մեծ ցաւ պատճառեց իրեն: Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնն ալ կայք հաստատեց իր մարմնին մէջ: Յոգնատանջ մարմինը չկրցաւ դիմադրել եւ կեանքին հրաժեշտ տուաւ 27 դեկտեմբերի ցուրտ օր մը:

Իր մահով ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն, Այնճար հայաւանը եւ իր սիրասուն ընտանիքը կորսնցուցին հայրենասէր ու նուիրեալ կուսակցական եւ տիպար հայր մը:

Զոհրապ Ինճէեանը իր մահով լուռ պատգամ մը կու տայ բոլորին: Այս առիթով դաշնակցական գործիչ Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին գրուած երգը լաւագոյն պատգամն է այդ կեանքի թոհուբոհին մէջ ապրողներուս` շարունակելու մեր ընթացքը ու յիշելու մեզմէ բաժնուողներուն իմաստալից կեանքն ու գործունէութիւնը:

Հանգիստ յոգնատանջ ոսկորներուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

Նախորդը

«Բառերի Յետեւում Կարող Են Վտանգաւոր Գործընթացներ Թաքնուած Լինել». Արսէն Համբարձումեան

Յաջորդը

Օրինակելի ՀՄԸՄ-ական Աբօ Գասապեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.