Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Համայնքը Միասնաբար Կը Դատապարտէ Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումը

February 1, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ասիկա համազօր է նացիներու կեռ խաչը հրէական վարժարանի մը վրայ դնելու քայլին». Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Քորեթց այսպէս բնութագրեց անցեալ երեքշաբթի վաղ առաւօտուն Ազգային Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան  վարժարաններու պատերուն վրայ անյայտ անձերու կողմէ թրքական դրօշակներ փակցնելու արարքը: Ոստիկանութիւնը այս արարքը կը նկատէ ատելութիւն արտայայտող ոճիր:

Քորեթց` հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ ոստիկան ու կրթական պաշտօնատարներու ու պատասխանատուներու հետ, երեքշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որ լայնօրէն արձագանգ գտաւ տեղական զանգուածային լրատուական միջոցներուն մօտ:

Ասուլիսը, որ կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նպատակով կազմուած միացեալ յանձնախումբին կողմէ, տեղի ունեցաւ Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Յանձնախումբը կը համախմբէ համայնքին մէջ գործող 18 միութիւններ:

Երկու վարժարաններու տնօրէնութիւնները ձեռնարկած են բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն` ապահովելու համար իրենց աշակերտներուն անվտանգութիւնը:

Ասուլիսին ընթացքին խօսք առաւ ոստիկանութեան գնդապետ Էռնեսթ Էսքրիճ` Արեւմտեան հովիտի ոստիկանական բաժանմունքի հրամանատարը: Գնդապետը յայտնեց, որ առաջին յարձակումը կատարուած է երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 2:30-ին, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին դէմ, որմէ երկու ժամ ետք, կատարուած է երկրորդ յանցագործութիւնը` Ֆերահեան վարժարանին դէմ: Ոստիկանութիւնը բծախնդրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ ձեռք ձգած տեսերիզները` բացայայտելու համար յանցագործը:

«Մենք իսկապէս յանձնառու ենք ապահովելու համար հայ համայնքի անվտանգութիւնը», յայտարարեց ոստիկանապետը` գնահատելով երկու դպրոցներու տնօրէնութեանց ձեռնհասութիւնը` տագնապը դիմագրաւելու ընթացքին:

Ասուլիսին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքային դատախազ Մայք Ֆիւըր: Ան միանշանակօրէն դատապարտեց արարքը եւ գնահատեց դպրոցներու պատասխանատուները, որոնք յաջողած էին այս առիթով իրենց աշակերտներուն ճիշդ եւ ուսանելի պատգամ մը փոխանցել:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ, որ կը ներկայացնէ Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի շրջակայ տարածքի բնակչութիւնը:

Խօսք առին նաեւ Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեան եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն Արփի Ավանեսեան: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմի փոխառաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծուխի հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեան:

Ասուլիսը վարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

«Մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ հասկնան անցեալի յանցագործութիւնը, եւ բոլորս կրնանք ունենալ լուսաւոր եւ երջանիկ ապագայ: Մենք յոյս ունինք, որ օր մը Թուրքիան պիտի հասկնայ, թէ ի՛նչ ըրած է իրենց կառավարութիւնը 100 տարի առաջ», ըսած է Յովսէփեան:

Ուսումնական օրուան աւարտին` «Ֆերահեան» հայկական դպրոցի աշակերտները դպրոցի բազրիքներուն եւ դարպասներուն փակցուցած են Հայաստանի դրօշը:

Նշենք, որ Լոս  Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւս դատապարտած է հայկական դպրոցներուն դէմ կատարուած այս յարձակումը:

«Մշտական կապի մէջ եմ Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւնների հետ` հետամուտ լինելով այս հարցին եւ ոստիկանութեան կողմից իրականացուող հետաքննութեանը: Մենք սատար ենք կանգնում լոսանճելըսահայ համայնքի դրսեւորած միասնական կեցուածքին այս հարցում», յայտարարած է գլխաւոր հիւպատոս Բայբուրդեան:

 

 

Նախորդը

Պաքու. «Փաշինեանի Տրամաբանութիւնը Դժուար Է Հասկնալ»

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահը Պատրաստ Է Աջակցելու Ազգային Ժողովի Գործունէութեան

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.