Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամուլ Մամուլ

February 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2019 տարին հռչակած է «Հայ մամուլի տարի»:

Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. մանրամասնօրէն եւ ամենայն բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ հայ մամուլը` սկսելով անոր ծննդոցէն` հեռաւոր Մատրասէն (Հնդկաստան), յանձինս Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի, որ լոյս ընծայած է հասարակական, գիտական եւ գրական բնոյթ ունեցող «Ազդարար»-ը` 1794-ին: Ապա, զանազան գաղթօճախներու մէջ, կարճ տեւողութեամբ, հրատարակուած են պարբերաթերթեր:

Եթէ այս օրերուն Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան ողջ ըլլար եւ հայ վաճառականներու ժամանումով հեռաւոր արեւելեան երկիրներու մէջ փոքր գաղութներ ստեղծուած ըլլային, ան երբեք պիտի չմրոտէր իր ձեռքը` ո՛չ կապարով, ո՛չ ալ մելանով, այլ առցանց միջոցներով կապ պիտի հաստատէր, եւ տեղւոյն ընթերցող հայորդիներն ալ իրարու հետ պիտի կարենային նամակցիլ: Քայլ մը անդին երթալով, անոնց համար մամուլի ներկայութիւնն ալ երկրորդական պիտի ըլլար` նկատի ունենալով առցանց միջոցներով ստեղծուած ելեկտրոնային տեղեկութիւններու դիւրութիւնները: Հաւանաբար Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան պիտի չկարենար նոյնիսկ «Ազդարար»-ի ելեկտրոնային արդի հրատարակութիւն մը պատրաստել:

… Այսպէս, ամուլ է մամուլը: Կարկինը աւելի նեղցնելով` ամուլ է հայ մամուլը:

Այո՛, հիւանդ, ապարդիւն ու անպտուղ է այս քարոզչական գործօնը:

Պատճառը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին է:

Այսինքն թէ՛ մենք բոլորս յանցաւորը ենք… եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մենք չենք:

Աւելի յստակացնելու համար, յատկապէս այս «մենք չենք»-ը յառաջացած ու կատարելագործուած քարոզչական բնագաւառն է, որ կ՛ընդգրկէ առցանցային անծայրածիր դաշտեր` Ֆէյսպուք, Թուիթըր, Ինսթակրամ եւ այլն: Դաշտեր, որոնք դժբախտաբար կ՛ողողուին մարախներով եւ ցեցերով:

Աւելի կարեւոր է խօսիլ յանցաւորը «մենք ենք»-ի մասին, որովհետեւ ի վերջոյ մենք ենք, որ ճիշդ կերպով գործելով այս «մենք չենք»-ի վիթխարի ալիքին դէմ` կրնանք եւ կարելիութիւնը ունինք ստեղծելու իւրայատուկ բնագաւառ մը` նորօրեայ արդի հայ մշակոյթ, արուեստ, գրականութիւն, լուրեր սփռող քարոզչական մեքենայ մը: Առ այդ, Արամ Ա.  Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ կը նշէ. «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշիռին, դարձած է աշխարհի ամէնէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ` յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ հակառակը: Փաստերը պերճախօս են: Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ թափով շարունակուիլ` տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքէն ներս»:

Սակայն այս իրավիճակը ստեղծած է առցանց եւ ելեկտրոնային անիշխանութիւն մը, ուր յօդուածագիրը, կամ, աւելի ճիշդը, կայքէջի ետին կանգնող անձը կրնայ մեծ իրարանցում ու փոթորիկ ստեղծել:

Այսպէս, արդի մամուլին եւ տեղեկատուական միջոցներուն անդրադառնալով` շատ կը խօսուի թափանցիկութեան մասին, սակայն` ո՛չ բոլորովին մերկ քարոզչական ոճին մասին, ուր ոեւէ անհատ իր «ես»-ը կը պարտադրէ` անտեսելով սահմաններն ու լսատեսողական բնագաւառի անգիր օրէնքները:

Մէկ խօսքով, ոսպը պէտք է զանազանել քարի կտորներէն: Թէեւ այս օրերուն կրնայ ըլլալ, որ ոսպն է քիչը, եւ քարն է շատը, երեւոյթ մը, որ նոյնիսկ անակնկալի պիտի մատնէր ոսպ մաքրելու գծով իւրայատուկ կարճ բանաստեղծութեան մը տէր Զահրատը: Ի դէպ, աւելի զարմացնելով պոլսահայ գրողը, այլեւս ոսպին եւ քարին հասկացողութիւնն ալ հարցադրումի տակ առնուած է: Ոմանց համար քարն է, որ ոսպի դեր ունի, իսկ ուրիշներուն համար` հակառակը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր հռչակած «Հայ մամուլի տարի» կոնդակին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Տեղին է շեշտել կոնդակին եզրակացութիւնը, որուն մէջ տարբեր կոչեր կ՛ուղղուին Արամ Ա.ին կողմէ, անոնց կարգին` «Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան»:

Այլապէս, ամուլ վիճակի մէջ է մեր մամուլը եւ առհասարակ տեղեկատուական բնագաւառը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Երկրորդ Հունգարիա Մը Չդառնայ Հայաստանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.