Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-լիկա»-ի մէջ բաւական ոչ համոզիչ ելոյթներ ունեցող եւ այժմ 18 կէտով նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Վիարէալ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Լուիս Կարսիա Փլասան, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
46 տարեկան Փլասայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ան 10 դեկտեմբեր 2018-ին խումբի մարզիչ նշանակուելով մինչեւ նախորդ շաբաթավերջ կատարեց շուրջ տասը մրցում: Ան իր կազմին հետ արձանագրեց միայն մէկ յաղթանակ, այդ ալ` Սպարտակ Մոսկուայի դէմ («Եւրոպայի լիկա»), 2-0 արդիւնքով:



