Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Մատուրոյի. Թրամփ Քոլոմպիոյ Կառավարութեան Հրամայած Է Ահաբեկել Զինք

January 31, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիքոլաս Մատուրօ հակադարձեց արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու եւրոպական կոչերուն` յայտնելով, որ ընտրութիւնը կատարուեցաւ, եւ եթէ կայսերապաշտները նոր ընտրութիւն կ՛ուզեն, ապա պէտք է սպասեն մինչեւ 2025:

Մատուրօ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ամբաստանեց Քոլոմպիոյ կառավարութեան եւ մաֆիային զինք ահաբեկելու հրաման տուած ըլլալու յանցանքով` նշելով, որ եթէ ինք սպաննուի, ապա պատասխանատուները այդ երկու երկիրներն են:

Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց Թրամփի հետ հանդիպելու Միացեալ Նահանգներու մէջ, Վենեզուելայի մէջ կամ անոր ուզած որեւէ մէկ այլ տեղ, սակայն աւելցուց, որ ատիկա պիտի չիրականանայ ներկայ կացութեան մէջ, որովհետեւ իր շրջապատը այդպիսի հանդիպում պիտի չարտօնէ:

Ան Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին յղուած պատգամով մը ըսաւ, թէ Թրամփ Վենեզուելայի մէջ յեղաշրջում կազմակերպած է` աւելցնելով. «Պէտք չէ արտօնէք, որ Ամերիկայի մէջ երկրորդ Վիեթնամ մը ըլլայ»:

«Եթէ ինծի բան պատահի, ապա պատասխանատուները Թրամփն ու Քոլոմպիոյ նախագահն են», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Վենեզուելայի գերագոյն դատարանը ընդդիմադիր ղեկավար Խուան Կուայտոյին արգիլեց երկրէն հեռանալ եւ սառեցուց անոր դրամատնային հաշիւները: Սակայն Մատուրօ նշեց, որ առայժմ Կուայտոն ձերբակալելու որոշում չկայ:

Նախորդը

Ակնարկ. Քրտական Խաղաթուղթը` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Եւ Լէյքըրզ Պարտուեցան Իրենց Դաշտերուն Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.