Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաշտպանելու Անմեղութեան Կանխավարկածն Ու Խուսափելու Հրահրող Ձեւակերպումներէ

January 31, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ հրապարակեց սեպտեմբեր 2018-ին Հայաստան իր կատարած այցելութեան վերաբերող զեկուցումը:

Յանձնակատար Միաթովիչ կ՛ողջունէ այն քայլերը, որոնք կատարուած են ճշմարտութեան հաստատման եւ մարտ 2008-ին տեղի ունեցած «բռնի գործողութիւններուն ընթացքին զոհերու համար պատասխանատուները դատական կարգով հետապնդելու ուղղութեամբ»:

Ան նոյն ատեն կ՛ընդգծէ, որ կարեւոր է այս հոլովոյթը կատարել զգուշօրէն` խստագոյնս հաւատարիմ մնալով իրաւունքի գերակայութեան, դատական անկախութեան, թափանցիկութեան եւ արդար դատաքննութեան երաշխաւորման սկզբունքներուն, որպէսզի բացառուի ենթադրեալ վրէժի քաղաքականութեան կամ ընտրովի արդարադատութեան որեւէ մեղադրանք:

Ան նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու քրէական յանցագործութեան մէջ մեղադրուող ոեւէ անձի անմեղութեան կանխավարկածը եւ հրապարակային խօսակցութեան ընթացքին խուսափելու բեւեռացնող, հրահրող ձեւակերպումներէն, ինչ որ, ըստ յանձնակատարին, խոչընդոտ է համախմբուած հասարակութիւն ձեւաւորելու եւ անցեալի պառակտումները յաղթահարելու իմաստով:

Եւրոպական խորհուրդի յանձնակատարը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կիներու իրաւունքներուն` ընդգծելով, որ կիները բաւարար չափով ներգրաւուած են որոշումներ տալու հոլովոյթին մէջ:

Միաթովիչ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջարկեց ընդունիլ սեռային կողմնորոշման եւ սեռային ինքնութեան խտրականութեան դէմ համակողմանի օրէնք, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց` քայլերու ձեռնարկելու Հայաստանի մէջ միասեռականներու եւ սեռափոխուածներու դէմ բռնութեան, ատելութեան խօսքի բացառման ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Մենք Պէտք Է Իրատես Ըլլանք Եւ Ապաւինինք Ողջամտութեան Եւ Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Ղեկավարութեան Միջեւ Ընթացող Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Քարասին

Յաջորդը

Սահմանադրական Դատարանը Մերժած Է Ռոպերթ Քոչարեանի Դիմումի Քննութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.