Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Մարուան Համատէ, Միշել Մուսա, Սամիր Ժսըր եւ Ալեն Աուն, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա:
Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանը ճշդած է խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգը` հաշուի առնելով երկրին կացութիւնը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կազմուի թէ ոչ, խորհրդարանը պատրաստ է իր աշխատանքները կատարելու` մաղթելով, որ կառավարութիւնը կազմուի եւ իր կարգին իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 9 կամ 10 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով Պըրրի լաւատե՞ս է, թէ՞ յոռետես, Ֆըրզլի ըսաւ. «Պըրրի միշտ լաւատես է»:
Նշենք, որ Պըրրի նախագահեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումը նախագահելու ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակուի հիմնական երկու ուղղութիւններով, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի ներկայացուցչութեան ձեւին, իսկ երկրորդը` կարգ մը նախարարութիւններու բաշխումը վերակարգաւորելու աշխատանքին:
Պըրրի շեշտեց, որ նախանցեալ գիշեր աւետիսներ հնչած են եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զարգացումներ ապրած է:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ Պըրրի քանի մը օր առաջ պէտք եղածը կատարած է` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով:
Անոնք նշեցին նաեւ, որ Պըրրի իրենց ներկայացուցած է խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին վերաբերող մանրամասնութիւնները` նշելով, որ գումարուելիք նիստին թուականը աւելի ուշ պիտի ճշդուի:



