Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

January 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի կը գտնուի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ճիշդ հունին մէջ, իսկ կառավարութեան կազմութեան առումով լաւատեսութիւնն ու դրական մթնոլորտը կը շարունակեն մնալ տիրական:

Այս շրջագիծին մէջ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ «Մարքազիա» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կառավարութիւնը կրնայ յայտարարուիլ: Ան նշեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամներուն միջեւ տարակարծութիւն չկայ` հանդիպումին ներկայացուցիչին առումով, եւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի ընտրէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին ներկայացուցիչը:

Մըրատ յայտնեց, որ հանդիպումի անդամ վեց երեսփոխաններուն կողքին իրենք առաջարկած են երեք թեկնածուներու անուններ, եւ նախագահ Աուն իննէն մէկը պիտի ընտրէ: «Հանդիպումի վեց երեսփոխաններուն կողքին առաջարկուած են Հասան Մըրատի, Թահա Նաժիի եւ Օսման Մաժզուպի անունները», ըսաւ Մըրատ:

Ան նկատել տուաւ, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ զիրենք ներկայացնող նախարարը քաղաքական առումով Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի ուղեգիծին կառչած կը մնայ եւ ներկայ կը գտնուի Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստերուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, Լիբանանի նաւթի մարզի տնօրինման խորհուրդի նախագահ Ուիսամ Զահապի, խորհրդատու Անտրէ Կրէյ, նախարար Ապի Խալիլի խորհրդատու Նատա Պուսթանի եւ վարչապետ Հարիրիի խորհրդատուներ Նետիմ Մունլա եւ Հազար Քարաքալլա:

Նիստին ընթացքին ներկաները վարչապետ Հարիրիին ներկայացուցին բնական կազ ներածելու նուազուրդին պայմաններն ու մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Փերենիլ Քարտել, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Քարտել շնորհակալութիւն յայտնեց Հարիրիին Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ին նկատմամբ ցուցաբերուած գործակցութեան առումով, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով վարչապետ Հարիրիի ջանքերը կը յաջողին:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտութիւն է` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ պետութիւնը:

Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի` ընդգծելով, որ ՄԱԿ պիտի զօրակցի Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Բանակի Օրուան Ընդունելութիւն` Սարրաֆի Կազմակերպութեամբ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը Չէ Աւարտած Եւ Կարիք Ունի Միջազգային Գործակցութեան»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.