Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ առաւօտեան կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Վերջապէս աւարտեցաւ. ուրբաթ, 1 փետրուար 2019»:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու կենսոլորտի նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով սղած է, իսկ մազութինը 500 լ. ոսկիով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ շարունակեց Ատայսէիի հանդիպակաց շրջանին մէջ քարաշէն պատնէշի կառուցումը` իսրայէլեան ուժերու խիստ հսկողութեան տակ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը վարուի այնպէս մը, որ կարծէք Լիբանանը անոր իշխանութեան եւ հոգատարութեան տակ կը գոյատեւէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ սահմանադրութեան թիւ 69-րդ յօդուածը կը հաստատէ, որ խորհրդարանը նիստեր գումարելու վիճակին մէջ կ՛ըլլայ, երբ կառավարութիւնը հրաժարած է: Ան աւելցուց նաեւ, որ վստահաբար օրէնսդրական նոր գործիքակազմ մը պիտի ըլլայ` յառաջիկայ ամսուան ծախսերը ապահովելու նպատակով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ յստակ ճնշում կը բանեցուի այս շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը կազմելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ ինք նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի կամ Սուրիոյ միջեւ միջնորդ չէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ պատասխանատուները պէտք է պահպանեն լիբանանցիներուն միասնականութիւնը` պահպանելու համար իրենց երկիրը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ մետասաներորդ պահուն  արձանագրուելիք անակնկալները իրենց մտահոգութիւն կը պատճառեն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆայսալ Սայեղ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան ճարտարարուեստի եւ կրթութեան նախարարութիւններուն` ընդգծելով, որ յաւելեալ զիջումի պատրաստակամութիւն չունին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ներկայացնող նախարարը հանրապետութեան նախագահին չափաբաժինին մաս պիտի կազմէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ իրենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթի աշակերտներն են եւ ոչ մէկ բանտ մուտք կը գործեն, նոյնիսկ եթէ անոր պատերը զարդարուած ըլլան: Ան հաստատեց, որ իրենք ազատութիւն կը շնչեն եւ արժանապատուութեամբ կ՛ապրին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Քուէյթի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց լիբանանեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի հարց տուաւ, թէ արդեօք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումին նպատակը համայնքներու շահերու իրականացո՞ւմն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իրեն յատկացուած նախարարութիւններէն ոչ մէկը պիտի զիջի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ պետութեան ու հաշուետուութեան բացակայութիւնը աւելցուցած է փտածութեան համեմատութիւնը:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ Պրիւքսելէն հաստատեց, որ Լիբանան ներքին մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, սակայն անոր տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը դրական է, սակայն գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը յստակ լուծում մը չունին: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Կեդրոնական Պէյրութի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շրջագիծին մէջ արձանագրուած զարգացումները շատ դրական են եւ հանգստացնող:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող ընթացքը դէպի կառավարութեան կազմութիւն առաջնորդող ճիշդ ուղին է:

 

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսա Կը Հերքէ Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք Զինուորական Օժանդակութիւնները Կասեցնելու Լուրերը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.