Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «ՄԱԿ-ի Հետ Գործակցութիւնը Միացեալ Սկզբունքներու Ծառայութիւն Է»

January 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերենիլ Քարտելը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու խնդիրին:

Ան մաղթեց, որ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութիւնը շարունակուի` հաստատելով, որ այդ գործակցութիւնը Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի հաւատացած միացեալ սկզբունքներուն ծառայութիւնն է:

Նախագահ Աուն գնահատեց Լիբանանի մէջ Քարտելի 14 ամսուան աշխատանքը` ամրապնդելու համար Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ յարաբերութիւնները: Ան յաջողութիւն մաղթեց Քարտելին` անոր ստանձնելիք նոր պատասխանատուութիւններուն առիթով:

Իր կարգին, Քարտել շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր ցուցաբերած գործակցութեան եւ իր աշխատանքին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան առիթով:

Քարտել շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով Լիբանանի ցուցաբերած կատարեալ յանձնառութեան համար, ինչպէս նաեւ վերստին խնդրեց նախագահ Աունէն լիբանանեան քաղաքական ուժերը պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու նպատակով ազգային երկխօսութեան մը հրաւիրել:

Քարտել բարձր գնահատեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը` հաստատելով, որ ՄԱԿ նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան, գերիշխանութեան, պետական իշխանութեան, պետական հաստատութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներուն զօրակցելու:

 

Նախորդը

Պըրրի Քարամէի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Լաւատեսութիւնը Կը Հասնի Իր Գագաթնակէտին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.