Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, 27 տարեկան սպանացի Խաւիէ Ֆեռնանտես պաշտպանեց ախոյեանի տիտղոսը: Այսպիսով, աշխարհի կրկնակի ախոյեանը յաջորդաբար եօթներորդ տարին ըլլալով, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Փոխախոյեան հանդիսացաւ Ալեքսանտր Սամարին (Ռուսիա), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մաթէօ Ռիցօ (Իտալիա):
Այս մարզաձեւին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Սլաւիկ Հայրապետեան, կարճ ծրագիրին մէջ գրաւելով 26-րդ դիրքը, իրաւունք չէր ստացած ազատ ծրագիրին (24 մասնակից) իր մասնակցութիւնը բերելու:



