Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին չորս դիրքերը գրաւող խումբերը, յաջորդաբար` Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ եւ Սեւիլլա, յաղթանակներ արձանագրեցին:
Անոնց այս յաղթանակներուն շնորհիւ անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ:
Պարսելոնա, որ հիւրն էր Կիրոնայի, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը (68-րդ):
Աթլեթիքօ Մատրիտ նոյն արդիւնքով յաղթեց Կեթաֆէին: Անթուան Կրիզման նշանակեց առաջին կոլը (27-րդ): Հիւր կազմին մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով:

Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրն էր Էսփանիոլի, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռէալի կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (4-րդ, 45-րդ), Սերճիօ Ռամոս (15-րդ) եւ Կերըթ Պէյլ (67-րդ):
Ռէալէն Ռաֆայէլ Վարան 72-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իսկ Սեւիլլա իր յաղթանակը արձանագրեց Լեվանթէի դէմ (5-0):


