Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրող – Գրագէտ Էտմոն Սաապ Մահացաւ

January 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցի վաստակաւոր լրագրող – գրագէտ Էտմոն Սաապ երէկ մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Էտմոն Սաապ ծնած է Զահլէի Մաալաքա գիւղաքաղաքին մէջ, 1940-ին: Ան փոքր տարիքէն ստիպուած եղած է աշխատիլ եւ աւելի ուշ շարունակել իր ուսումը` հասնելով մինչեւ բարձրագոյն ուսման: 1965-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` իբրեւ իրաւաբան:

Աշխատակցած է «Նահար» օրաթերթին, ուր ան 45 տարի շարունակ ստանձնած է տարբեր պատասխանատուութիւններ` սկսելով երիտասարդական եւ ուսանողական էջերէն, անցնելով տեղական լուրերու խմբագրութեան, ապա փոխխմբագրապետի պաշտօնին, ապա տնտեսական լուրերու խմբագրութեան պատասխանատուութեան, «Նահար»-ի հրատարակած յաւելուածներու խմբագրութեան, 1978-ին Փարիզի մէջ հրատարակուող արաբական եւ միջազգային «Նահար»-ի խմբագրութեան, ինչպէս նաեւ «Նահար»-ի յատուկ գիրքերու հրատարակչատան, 1985-ին:

1993-2009 աշխատած է իբրեւ «Նահար» օրաթերթի գործադիր խմբագրապետ, եւ ապա` հանգստեան կոչուած:

Հանգստեան կոչուելէ ետք «Սաֆիր» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Թալալ Սալման Էտմոն Սաապին յղած է հրաւէր մը` շաբաթական դրութեամբ քաղաքական յօդուած մը գրելու «Սաֆիր»-ի առաջին էջին համար, եւ ան ընդառաջած է, մինչեւ «Սաֆիր»-ի փակումը:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի գուժեց Էտմոն Սաապի մահը` շեշտելով, որ մեծ գրագէտներուն գրիչը սուրի մը համազօր է` չի կոտրուիր, իսկ անոնց բառերուն թանաքը կը մնայ թաց:

Խմբագիրներու սենտիքան խոր ցաւով գուժեց Սաապի մահը` բարձր գնահատելով անոր վաստակը եւ հաստատելով, որ Էտմոն Սաապ իր ամբողջ գործունէութիւնը դրոշմած է անկեղծութեան, կորովի ու հայրենասիրութեան կնիքով:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քըսայֆի շեշտեց, որ Էտմոն Սաապ յանձնառու մնացած է լիբանանեան շահերուն եւ փտածութեան ու փտածներուն դէմ բուռն կերպով պայքարած է:

Էտմոն Սաապի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` երեքշաբթի, 29 յունուար 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զահլէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ:

 

Նախորդը

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Ուժերը Հմէյմիմ Ռազմակայանին Մօտ «Թշնամական Թիրախներ» Ոչնչացուցած Են

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Մարոնի Երեսփոխաններուն Կազմած Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.