Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առողջապահական Յանձնախումբ. Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը Ներկայացուց «Մորթի Տարիքային Փոփոխութիւններ» Նիւթը

January 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին չորրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 23 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Մորթի տարիքային փոփոխութիւններ»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան յայտնեց, որ մորթը մեր մարմնին կարեւոր  մէկ օրկան է եւ կը ծածկէ  ու կը պաշտպանէ մեր մարմնին ամբողջ մակերեսը: Մորթը տարբեր յատկութիւններով մեր մարմնին օգտակար է: Ապա ան թուեց մորթին երեք մաշկերուն անունները` վերնամաշկ, միջին մաշկ եւ ենթամաշկ: Մարմնին տարբեր մասերուն մէջ մորթին հաստութիւնը կը տարբերի: Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը ըսաւ, որ բոլորս կը փափաքինք փայլուն եւ առողջ մորթ ունենալ, սակայն անիկա կ՛ազդուի շատ մը գործօններէ, ինչպէս` տարիքի յառաջացումէն, քունէն, սնունդէն, աշխատած մասնագիտութենէն, կլիման, նաեւ` այն գեղեցկագիտական նիւթերէն, որոնք կը վնասեն մորթը: Ան նշեց, որ կան բազմաթիւ  հարցումներ` «Ի՞նչ է մորթին հիմնական պարտականութիւնը», «Արդեօք ե՞րբ կնճիռներու կը վերածուի» եւ այլն, որոնց լուսաբանման համար դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ մորթային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը:

Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը իր դասախօսութիւնը սկիզբը ըսաւ, որ երբ խօսինք տարիքի եւ մորթի մասին, կարծէք` պատերազմի մէջ ենք տարիքի յառաջացման գաղափարին հետ: Այս մտածողութիւնը հին մտածողութիւն է եւ պէտք է փոփոխութեան ենթարկենք զայն: Մենք պէտք է աշխատինք լաւ ապրելու յոյսով: Ապա լուսանկարներու ճամբով բժիշկը ներկայացուց տարիքային փուլերը: Բոլորս տարիքով պիտի ծերանանք, միաժամանակ մորթն ալ պիտի ծերանայ: Դասախօսը պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց մորթին երկրաչափական շէնքի մը նմանողութեամբ կառոյցը: Ան ըսաւ, որ շէնքին մէջ յարկաբաժիններ կան, ելեկտրական թելեր, ջուր կը հասնին շէնքին: Այս շէնքին վերի մասը մեր մորթն է, որ յստակօրէն կը տեսնենք: Մորթին տակ երակներ կան (քոլաժեն), որոնք ջուր, ելեկտրականութիւն կը հասցնեն վերի յարկը: Վարը` գետնայարկը` իւղը (ճարպը), որ ամուր կը պահէ շէնքը: Իսկ շէնքին տակ, այսինքն մորթին տակ ոսկորներ կան: Ամէն մէկ յարկը կը փոխուի` համաձայն տարիքի եւ ժամանակի:

Ապա ան խօսեցաւ կնճիռներուն մասին եւ ըսաւ, որ անոնք երկու տեսակ կ՛ըլլան` տինամիք գիծեր եւ սթաթիք գիծեր: Տինամիք գիծերը առնչութիւն ունին մեր շարժումներուն հետ, իսկ սթաթիք գիծերը կը յայտնաբերուին առանց շարժումի:

Կնճիռի յայտնաբերումով կը փոխուի ոսկորներուն եւ ճարպին վիճակը: Փոփոխութիւնները վտանգաւոր չեն: Ծոծրակին վրայ յայտնաբերուած գիծերը բնական են: Ամէն ինչ, որ նոր կ՛երեւի մորթին վրայ, չի նշանակեր, որ քաղցկեղ հիւանդութեան ախտանշան է: Մորթային բոլոր փոփոխութիւնները լաւ են եւ հետեւանք` տարիքի յառաջացման: Միայն բժիշկն է, որ կը կատարէ անոր ախտաճանաչումը: Երկար արեւի տակ մնալու կամ ծխախոտի երկարատեւ գործածութեան պատճառով աչքին շուրջ փոքր տոպրակներ կը յառաջանան: Մորթը ժամանակի ընթացքին կը բարակնայ, շուտ կը վիրաւորուի, երբեմն կը կապտի տղամարդոց կամ կիներու մօտ: Քիմիական նիւթեր կան մարմնին մէջ, որոնք կը բարակցնեն մորթը: Տոքթ. Էլիոն յայտնեց, որ պէտք է զգուշ ըլլանք մորթին վրայ տեսնուած կարմիր նշաններէն (Red flags): Այս պարագային,  պէտք է մորթի բժիշկի դիմել, մանաւանդ երբ այդ նշանները յանկարծ յայտնուած են, քերուըտուք պատճառած են, անոնք սիմեթրիք չեն, երբ` արագ կը սեւնան եւ կը մեծնան: Այս պարագային, բժիշկը նկար կը պահանջէ բուժելու համար այդ վէրքը:

Ինչո՞ւ մորթային այս փոփոխութիւնները կը յառաջանան.

Ա.- Տարիքային յառաջացումը, որ ներքին փոփոխութեան հետեւանք է: Ժառանգականութեամբ մեր մարմինը ծիներ կը կորսնցնէ: Գիտնականները ներկայիս կը փորձեն ուշացնել այս երեւոյթը:

Բ.- Արտաքին ազդակներու պատճառով եղած փոփոխութիւնները, ինչպէս` արեւը, ծխախոտը, բարձր տաքութիւնը, սննդականոնը, ընկճախտը, քունը եւ ապականումը:

Ան յայտնեց, որ արեւին ճառագայթները շատ վնասակար են մորթին համար եւ շուտ կ՛այրեն մորթը: Ըստ հետազօտութեանց, Միացեալ Նահանգներու մէջ արհեստական արեւային ճառագայթը (solarium) աւելի կանուխ քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառ հանդիսացող ազդակ է: Ծխախոտը կ՛աւելցնէ դէմքին կնճիռները, կը սեւնան աչքերը, շուրթերը կը պզտիկնան: Տաքութիւնը նաեւ կ՛արագացնէ մորթին կնճիռներու յառաջացումը: Սննդականոնը իր օգտակարութիւնը ունի նաեւ մորթին համար, որուն բացակայութեան մորթի կնճիռներու յառաջացումը անխուսափելի է: Քունը շատ կարեւոր է: Ամէն անհատ օրական 6-8 ժամ պէտք է քնանայ: Օդի ապականումը ահազանգ է ներկայիս Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան (W.H.O.) եւ իր գլխաւոր օրակարգերէն մէկը եղած է:

Ապա դասախօսը շեշտեց, որ այս եօթը ազդակներէն պէտք է հեռու մնալ: Կարելի է քսուկներ գործածել առտու եւ իրիկուն, որոնք կը պարունակեն կենսանիւթ Սի: Յատուկ օճառներ գործածել եւ ասիտիա իւրոնիք, որ կը խոնաւցնէ մորթը: Շատ կարեւոր է արեւի ենթարկուելէ ետք յատուկ քսուկներ գործածել:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, ապա առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանին: Աւարտին, «Լ՛օրէալ» գեղեցկագիտական հաստատութեան կողմէ քսուկներ բաժնուեցան ներկաներուն:

 

Նախորդը

Սրտի Անակնկալ Կաթուածներու Կանխարգիլման Առողջապահական Օր Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Հայրենադարձի Պատմութիւն Սիմոն Եւ Սիլվա Գաֆալեաններ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.