Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 յունուարին հանդիպում ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթած անոր:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները նախագահին խօսած են նախորդ օրերուն Արցախի մէջ եզրափակուած Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ տանելիք աշխատանքներուն մասին:



