25 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը շնորհաւորական նամակ յղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին նամակը.
«Յարգելի՛ ընկեր Տէր Խաչատուրեան,
Սրտանց շնորհաւորում եմ ձեզ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրուելու կապակցութեամբ:
Վստահ եմ, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ քաղաքական փորձառու գործչի ձեր ողջ եռանդն ու աւիւնը կը շարունակէք ի սպաս դնել համայն հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրների յաղթահարմանը:
Համոզուած եմ, որ այսուհետ եւս կը շարունակուի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը ՀՅԴ կուսակցութեան, Հայ դատի կառոյցների եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութեան միջեւ` ուղղուած Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանը եւ արտաքին քաղաքական օրակարգի այլ խնդիրների լուծմանը:
Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով ձեզ` ՀՅԴ կուսակցութեանը եւ նրա նորընտիր Բիւրոյին մաղթում եմ նորանոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ` ի շահ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան հետագայ ամրապնդման, մեր ժողովրդի նուիրական իղձերի իրականացման»:
Ամենայն յարգանքով`
ՄԱՍԻՍ ՄԱՅԻԼԵԱՆ



