Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը երէկ կէս գիշերէն ետք դէմ դրին իսրայէլեան հրթիռային լայնածաւալ յարձակումի մը, որ կ՛երկարէր մինչեւ Սուէյտա նահանգ: Իսրայէլեան յարձակումին դիմակայումը կեդրոնացած էր մասնաւորաբար Քասուայի շրջանին եւ Քնէյթրայի վերեւ:
Մինչ սուրիական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ տասնեակներով թշնամական թիրախներ վնասազերծուած են, մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 11 զոհեր: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, սակայն, հաղորդեց, որ սուրիացի 4 զինուորներ զոհուած են եւ 6 ուրիշներ վիրաւորուած` աւելցնելով, որ արձանագրուած նիւթական վնասը սահմանափակ է:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ յարձակումը տեղի ունեցած է երեք փուլով:
Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանի կեդրոնը յայտարարեց, թէ սուրիական հակաօդային ուժերը Իսրայէլի կողմէ արձակուած աւելի քան 30 «Քրուզ» տիպի եւ կառավարուող հրթիռներ վնասազերծած են:
Զինուորական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իսրայէլեան վերջին յարձակումը մինչեւ օրս տեղի ունեցած յարձակումներուն մէջ ամէնէն լայնածաւալն էր:
Քաց. «Իսրայէլ Մուտք Գործեց Իրանի Հետ Բացայայտ Եւ Բաց Ճակատումի Մէջ»
Իսրայէլ յայտնեց, որ իր օդուժը ռմբակոծած է «Սուրիոյ մէջ իրանեան «Քուտս» ջոկատին պատկանող թիրախներ»` այդպիսով ստանձնելով յարձակումին պատասխանատուութիւնը:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց. «Քուտս» ջոկատին դէմ օդային լայնածաւալ հարուածներուն պատճառը իրանեան ուժի մը Դամասկոսի շրջանէն Կոլանի բարձունքներու հիւսիսային շրջանին ուղղութեամբ ցամաքէ ցամաք միջին հասողութեամբ հրթիռ արձակելն է»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ գիշերային լայնածաւալ օդային հարուածներուն դրդապատճառը սուրիական հողերէն Իսրայէլի դէմ իրանեան յարձակումն է, որ նախապէս ծրագրուած էր»:
Ատրահի նախապէս հերքած էր, թէ իսրայէլեան բանակը բռնագրաւեալ հողերու հիւսիսը հակաօդային համակարգէ հրթիռներ արձակած է, երբ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ ատիկա հաստատած էին` աւելցնելով, որ տիրող կացութեան լոյսին տակ որոշուած է երկուշաբթի օր փակ պահել Հերմոն լերան չմշկումի վայրը:
Իսրայէլի տեղեկահաւաքի եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Եսրայէլ Քաց նշեց. «Իսրայէլ մուտք գործեց Իրանի հետ բացայայտ եւ բաց ճակատումի մէջ, եւ պիտի չարտօնենք, որ Սուրիոյ մէջ իր ներկայութիւնը ամրապնդէ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային այս ճակատումին մէջ մագլցողական քայլերու դիմելու»:
Ան չբացառեց, որ «Իսրայէլ աւելի մեծ ջանքեր թափէ Սուրիոյ մէջ իրանեան ազդեցութեան տարածումը արգիլելու համար»:
«Կոլանի բարձունքներու հիւսիսային մասին մէջ չմշկումի կեդրոն մը սուրիական հողերէն ենթարկուեցաւ հրթիռարձակման: Հրթիռը վնասազերծուեցաւ իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ»-ին ճամբով: Բոլոր անոնք, որոնք մեր դէմ յարձակում կը գործեն, ատոր գինը սուղ պիտի վճարեն»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ իսրայէլեան օդային հարուածը թիրախ դարձուցած է Իրանն ու անոր օժանդակող սուրիական ուժերը` շեշտելով. «Մեզ քանդել սպառնացողները ամբողջական հետեւանքները պիտի կրեն»:
Նշենք, որ իրանեան օդուժի հրամանատարը երէկ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Իսրայէլի դէմ վճռորոշ ճակատամարտին, որ պիտի յանգի անոր գոյութեան դադրեցման»:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած էին հարաւային շրջանին դէմ իսրայէլեան օդային յարձակումի մը եւ արգելք հանդիսացած, որ այդ յարձակումը իր նպատակներէն որեւէ մէկը իրագործէ:



