Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորընտիր Ազգային Ժողովի Պատգամաւորները Հանդիսաւոր Արարողութեամբ Ստացան Պատգամաւորական Իրաւագիրները

January 11, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատգամաւորական իրաւագիրները պատգամաւորներուն յանձնուած են, նորընտիր` 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստի օրը յայտարարուած` անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ  երկուշաբթի` 14 յունուարին:

Այս անգամ ոչ թէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը յանձնեց պատգամաւորական իրաւագիրները, այլ ընտրողները: Իւրաքանչիւր ընտրական տարածքէն ընտրուած էին երկու հոգի, անոնց կարգին` 103-ամեայ Բաւական Փիլոյեանն ու 99-ամեայ Խաչիկ Գաբրիէլեանը, նաեւ` այս դեկտեմբերին առաջին անգամ ընտրութիւններուն մասնակցած երկու երիտասարդներ:

Պատգամաւորական իրաւագիրը ստանալու չէր եկած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան:

7-րդ գումարման խորհրդարանը արդէն 132 պատգամաւոր ունի: Շատ են երիտասարդները, նաեւ` կիները: Պակսած է խմբակցութիւններու թիւը` չորսի փոխարէն երեք ուժեր ներկայացուած են: 88 տեղերը` կայուն մեծամասնութիւնը «Իմ քայլը» դաշինքինն է: Երկրորդ խմբակցութիւնը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` 26 պատգամաւորական իրաւագիր, երրորդը` 18, Լուսաւոր Հայաստան:

Վերջին երկու ուժերը յայտարարած են, որ ընդդիմադիր պիտի ըլլան:

Խորհրդարանի առաջին նստաշրջանի օրակարգային հարցերէն պիտի ըլլայ նաեւ օրէնսդիրի ղեկավարութեան ընտրութիւնը: «Իմ քայլը» արդէն յայտարարած է, թէ Ազգային ժողովի նախագահի իրենց թեկնածուն առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանն է, երկու փոխնախագահները` պատգամաւորներ Լենա Նազարեանն ու Ալեն Սիմոնեանը:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը չէ յստակացուցած  խմբակցութեան ղեկավարի եւ քարտուղարի անունները: Իսկ «Իմ քայլը» եւ Լուսաւոր Հայաստանը խմբակցութիւնները կողմնորոշուած են. իշխանական խմբակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Լիլիթ Մակունցը, քարտուղարը պիտի ըլլայ Յակոբ Սիմիդեանը, իսկ ընդդիմադիր Լուսաւոր Հայաստանինը` Էտմոն Մարուքեանն ու Գէորգ Գորգիսեանը:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան. «Սփիւռքի Հետ Կառավարութեան Յարաբերութիւնները Եւ Գործակցութիւնը Դարձնել Աւելի Արդիւնաւէտ»

Յաջորդը

Կրիզման` «Լա Լիկա»-ի Դեկտեմբերի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.