Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներկայ Պայմաններուն Մէջ Շատ Դժուար Է Սուրիայէն Ամերիկեան Ուժերու Ամբողջական Հեռացումը Պատկերացնել» Կ՛ըսէ Ռիապքով

January 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի` աշխարհին տիրելու եւ հարցերը ըստ իր պայմաններուն լուծելու ձգտումին լոյսին տակ, շատ դժուար է Միացեալ Նահանգներու Սուրիայէն ամբողջական հեռացումը պատկերացնել:

Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ ռուս-ամերիկեան հաղորդակցութիւնը երբեք չդադրեցաւ: Թէեւ այդ հաղորդակցութեան մասին միշտ չյայտարարուեցաւ, սակայն երկար դադարներ չունեցաւ` աւելցնելով, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւնը:

Միւս կողմէ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտնած է, որ ամերիկեան ուժերը ներկայ փուլին Սուրիոյ մէջ Թանաֆ ռազմակայանէն պիտի չհեռացուին:

Պաշտօնատարը նաեւ յայտնեց, որ Պոլթըն թուրք պաշտօնատարներուն ըսած է, թէ Ուաշինկթըն դէմ է «քիւրտ դաշնակիցներուն» դէմ որեւէ յարձակումի: Պոլթըն դժգոհութիւն յայտնած է Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին առնչութեամբ:

Թուրք պաշտօնատարները իրենց կարգին վստահեցուցած են, որ թրքական ուժերը Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն պիտի չշղթայազերծեն, այնքան ատեն որ ամերիկեան ուժերը այդտեղ են:

Չաւուշօղլու. «Ուաշինկթըն Սուրիայէն Իր Ուժերու Հեռացման Հարցով Դժուարութիւններ Կը Դիմագրաւէ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Սուրիայէն իր ուժերու հեռացման հարցով կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, որոնց կարեւորագոյնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ իր յարաբերութիւնն է»:

«Մենք պիտի չտատամսինք Եփրատի արեւելեան ափին վրայ մեր քայլերը առնելու», ընդգծեց ան:

Չաւուշօղլու նշեց, որ Իտլիպի շուրջ Ռուսիոյ հետ կնքուած համաձայնութեան գործադրութեան մէջ որեւէ խնդիր չէ յառաջացած, եւ ինք կը յուսայ, որ հարցերը ապագային եւս այդպէս մնան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Անգարա կը զօրակցի Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ մէջ մօտ օրէն տեղի ունենալիք Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ վեհաժողովի պատրաստութիւնները ընթացքին մէջ են:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ռուսիա այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին, սակայն այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ յայտնեց, որ Դամասկոս աշխուժացուցած է քիւրտերուն հետ հանդիպումներն ու երկխօսութիւնը, «որոնց թիւը աւելցած է հիւսիսային Սուրիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ»:

«Շատ կարեւոր է օգտուիլ այս առիթէն եւ քիւրտերուն հետ մեր ռուս բարեկամներուն կատարած հաղորդակցութիւններէն», նշեց ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ընդգծեց, թէ սուրիական հողերէն օտար ուժերու հեռացումը հաստատօրէն պիտի իրականանայ:

 

Նախորդը

Եուհաննա Ժ. Պատրիարքը Բարթողիմէոս Պատրիարքին Կոչ Կ՛ուղղէ Չաճապարելու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.