Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ու Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Են Քարականտայի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը Քննարկելու

January 9, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 յունուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Պէյպութ Աթամքուլովին հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Շնորհաւորելով գործընկերը արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին  նշանակուելու առիթով` Զոհրապ Մնացականեան յաջողութիւն  մաղթած է Պէյպութ Աթամքուլովին այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ: Հայաստանի եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարները  արձանագրած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւն երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները  պատրաստակամութիւն յայտնած են միացեալ քայլեր ձեռնարկելու երկկողմանի օրակարգի աւելի ընդլայնման ուղղութեամբ: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են Ղազախստանի հայ համայնքի դերը` իբրեւ երկրի հասարակութեան անբաժանելի մաս, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Քարականտայի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ուր 3 յունուար 2019-ին քաղաքի «Հին Հռոմ» ճաշարանին մօտ հայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էր դանակահարութիւն, որուն պատճառով մահացած էր մէկ հոգի եւ վիրաւորուած` երեք: Դէպքէն ետք կարգ մը հայ երիտասարդներ ձերբակալուած են: Հայաստանի եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարները երկուստեք ընդգծած են կենցաղային հողի վրայ տեղի ունեցած ողբերգութեան` ազգամիջեան ներբերանգ տալու փորձերու անթոյլատրելիութիւնը:

Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ ստեղծուած իրավիճակը ունի գերզգայուն բնոյթ` կարեւոր նկատելով հանրային կարծիքը միտումնաւոր շեղելուն եւ լարուածութիւն յառաջացնելուն ուղղուած քայլերու  բացառումը: Այդ առնչութեամբ կողմերը ընդգծած են Հայաստանի եւ Ղազախստանի զանազան նախարարութիւններուն միջեւ անմիջական կապի պահպանման կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

«Նորմա» Ձիւնամրրիկը Սպիտակով Ծածկեց Լիբանանի Լեռնային Շրջանները Եւ Մերկացուց Երկրին Խախուտ Ենթակառոյցը

Յաջորդը

Ակնարկ. Մետաքսի Ճամբուն Հայկական Ուրուագծումները

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.