Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Տօնը Խոնարհութեան Եւ Ողորմածութեան Պատգամ Համայն Մարդկութեան Եւ Ի Մասնաւորի Քրիստոնեայ Աշխարհին

January 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ պիտի պատահէր մարդկութեան, եթէ Աստուածորդին չծնէր: Արդեօ՞ք մարդիկ աւելի անհաւատ պիտի դառնային: Ի՞նչ փոփոխութիւն բերաւ Քրիստոսի ծնունդը ընդհանրապէս հրեայ ժողովուրդին եւ այլոց կեանքին մէջ: Անցեալին ինչպէ՞ս կը տօնուէր Ս. Ծնունդը: Իսկ գալով ներկայի պարզած Ս. Ծնունդը տօնելու հոլովոյթին, ինչո՞ւ մարդիկ թիւր ըմբռնում ունին եւ զայն կը տօնեն պարահանդէսի անուան տակ եւ ոչ աւանդական ձեւով: Հարցադրումներ, որոնք երբեմն մեր միտքը կը խճողեն եւ առիթ կու տան պահ մը մտածելու Քրիստոսի կատարած յեղափոխութեան եւ Ս. Ծնունդի իսկական խորհուրդին մասին: Այս առիթով կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել քրիստոնէական այս մեծ տօնը` Ս. Ծնունդը:

Քրիստոսի Ծննդեան Ժամանակաշրջանը

Քրիստոսի ծննդեան ժամանակաշրջանին Իսրայէլ կը գտնուէր Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան տակ: Օգոստոս կայսեր հրամանագիրով կայսրութեան տարածքին մարդահամար սկսաւ, եւ իւրաքանչիւր անձ պէտք էր գրանցուէր իր ծննդավայրին մէջ: Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթղեհէմ եկան եւ տեղի չգոյութեան պատճառով քարայրին մէջ գիշերեցին: Նոյն գիշեր ծնաւ աշխարհի Փրկիչը` Յիսուս: Ս. Ծննդեան վկաները մօտակայ հովիւներն էին, որոնք հրեշտակներէն տեղեկացան Փրկիչին ծնունդը: Այնուհետեւ արեւելքէն մոգեր եկան` հետեւելով երկինքի վրայ փայլող աստղին: Անոնք ընծաներ մատուցեցին Յիսուսին: Այդ ընծաները իրենց հոգեւոր խորհուրդը ունէին: Ոսկին թագաւորներուն կը մատուցուէր, ան կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկնային թագաւորութիւնը: Կնդրուկը խունկի ամէնէն անուշահոտ տեսակն է, որ Քրիստոսի նուիրելը կը խորհրդանշէ իր քահանայապետ ըլլալը: Զմուռսը անուշահոտ նիւթ է, որով կը պատէին մահացածներու մարմինը եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսի մահը: Քրիստոս երբ երեսուն տարեկան եղաւ եւ եկաւ Յորդանան գետ ու մկրտուեցաւ, այդ ժամանակ տեղի ունեցաւ երկրորդ աստուածայայտնութիւնը:

Ս. Ծնունդը Նաեւ Աստուածայայտնութեան Տօն Կը Կոչուի

Ս. Ծնունդը առաջին տաղաւար տօնն է: Սակայն ինչո՞ւ տաղաւար կը կոչուին Ս. Ծնունդի, Ս. Յարութեան, Վարդավառի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եւ Վերացման խաչի տօները: Հին կտակարանին մէջ հրեաները մեծահանդէս արարողութեամբ կը տօնէին Տաղաւարահարաց տօնը, որ նոյնինքն աշնանային բերքահաւաքի տօնն է եւ կը կատարուի եօթներորդ ամսուան 15-րդ օրը եւ կը տեւէ եօթը օր (Ղեւտ. 23: 33-43): Տաղաւարահարաց տօնը կը յիշատակուի նաեւ Նոր կտակարանին մէջ, Յիսուսի ուսուցումներուն ժամանակ: Այդ օրերուն հրեաները եօթը օր կ՛ապրէին վրաններու (տաղաւարներու) տակ: Անոնք ողջակէզ կը մատուցէին` իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն: Կ’ենթադրուի, որ տաղաւար անուանումը  յառաջացած է այդտեղէն եւ գործածական դարձած է քրիստոնէական մեծ տէրունի տօներուն համար: Ս. Ծնունդը նաեւ Աստուածայայտնութեան տօն կը կոչուի, որովհետեւ Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ մարդոց մէջ:

Ինչո՞ւ Հայ Եկեղեցին Ս. Ծնունդը Եւ Մկրտութիւնը Յունուար 6-ին Կը Տօնէ

Հայ առաքելական եկեղեցին` իբրեւ աւանդապահ եկեղեցի, Ս. Ծնունդը եւ մկրտութիւնը 6 յունուարին կը տօնէ, իսկ միւս քրիստոնեայ եկեղեցիները` 25 դեկտեմբերին: Մինչեւ 4-րդ դար բոլոր քրիստոնեաները այս տօները 6 յունուարին կը նշէին: Երբ քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ եւ պետական ճանաչում գտնել, հռոմէացիները իրենց հեթանոսական արմատներուն կառչած էին եւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ կը նշէին ժողովրդական ամէնէն սիրուած տօներէն արեւ աստուծոյ տօնը, որ կը կատարուէր 21-31 դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին: Իսկ 25 դեկտեմբերին Միթրայի ծննդեան օրն էր, որ Եւրոպայի եւ յատկապէս Հռոմի մէջ մեծ շուքով կը տօնուէր: Միթրան ամէնէն ժողովրդական եւ յարգուած արեւ աստուածն էր: Հռոմի կայսրը արեւ աստուածը կը նկատէր կայսերական հեղինակութեան պաշտպան աստուած: 336 թուականին Հռոմի եկեղեցին հեթանոսական աւանդութիւնները ջնջելու նպատակով 25 դեկտեմբերը հռչակեց իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօն, իսկ 6 յունուարը` իբրեւ մկրտութեան տօն: Ս. Ծննդեան եւ մկրտութեան տօները տարբեր օրեր նշելու պատճառներէն մէկը երթեւեկութիւնն ու ճամբու հեռաւորութիւնն էր: Կարելի չէր Բեթղեհէմէն մինչեւ Յորդանան գետ երթալ նոյն օրը, որովհետեւ արդիական փոխադրական միջոցներ գոյութիւն չունէին:  Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Ծնունդն ու մկրտութիւնը նոյն օրը կը տօնախմբէ` համաձայն Ղուկաս աւետարանի ապացոյցին. «Յիսուս շուրջ երեսուն տարեկան էր, երբ իր գործունէութեան սկսաւ» (Ղուկաս 3:23): Իսկ Հին կտակարանին մէջ ոեւէ մէկը իրաւունք չունէր քահանայութիւն ընել, եթէ երեսուն տարեկան չէր եղած: Յիսուս սկսաւ քարոզել երեսուն տարեկանին եւ մկրտութենէն ետք: Այս վկայութենէն եկեղեցական հայրերը հետեւցուցած են, որ եթէ Յիսուս 6 յունուարին ծնաւ, ապա երեսուն տարի ետք, նոյն օրը մկրտուեցաւ:

Ս. Ծննդեան Տօնին Մեկնարկը` Ճրագալոյցը

Ս. Ծննդեան եկեղեցական տօնակատարութիւնը կը սկսի 5 յունուարի երեկոյեան ճրագալոյցի կամ խթման ս. պատարագով, որուն կը նախորդէ եօթը օրերու պահեցողութիւնն ու ապաշխարութեան շրջանը: Ճրագալոյցի ս. պատարագը տարին երկու անգամ կը մատուցուի` Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն առիթով: Պատարագէն առաջ կը կարդացուին մարգարէական գիրքերէն բաժիններ, որոնք կը վկայեն ու կ՛աւետեն Քրիստոսի ծննդեան բարի լուրը: Պատարագի աւարտին կը կատարուի Ս. ծննդեան նախատօնակ, եւ քրիստոնեաները զիրար կ՛ողջունեն Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը տալով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», որուն պատասխանն է` «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս»: Ապա հաւատացեալներ իրենց հետ վառած ճրագներ (մոմեր) տուն կը տանին` խորհրդանշելով աստուածային լոյսը եւ եկեղեցւոյ օրհնութիւնը: Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ նաեւ բեթղեհէմեան աստղին լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի Յիսուս մանուկը:

Ապա կը սկսի տնօրհնէքի արարողութիւնը, եւ հոգեւորականներ տուները կ՛այցելեն եւ տօնին աւետիսն ու օրհնութիւնը կը փոխանցեն հաւատացեալներուն:

Ս. Ծննդեան Տօնը Եւ Ջրօրհնէքի Արարողութիւնը

Ս. Ծննդեան տօնը Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ կը նշուի հանդիսաւոր ս. պատարագով: Ս. պատարագի աւարտին կը կատարուի ջրօրհնէք, որ նուիրուած է Քրիստոսի մկրտութեան խորհուրդին:  Ջրօրհնէքի արարողութեան ժամանակ տէրունական խաչը կ՛ընկղմեն ջուրին մէջ: Հուսկ, պատարագիչ հոգեւորականը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնով կ՛օրհնէ ու կը սրբագործէ ջուրը: Ապա օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին` ի բժշկութիւն հոգեւոր եւ մարմնաւոր հիւանդութիւններէ: Ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդող օրերուն, Ս. Ծնունդին յաջորդ օրը մեռելոց է, եւ հաւատացեալներ կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները: Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը կ՛աւարտի 13 յունուարին` Յիսուսի անուանակոչութեան յիշատակումով:

Ս. Ծննդեան Աւանդական Սեղանը

Ս. Ծննդեան օրը ընտանեկան տօն է եւ Ս. Ծննդեան սեղանին շուրջ կը հաւաքուին ընտանիքի անդամները` միասնաբար տօնելու Քրիստոսի ծնունդը եւ խոկալու տօնէն բխող պատգամին մասին:

Ս. Ծննդեան ուտելիքներու մէջ մեծ կարեւորութիւն ունին չոր միրգերով ու ընկոյզով պատրաստուած կերակուրները: Աւանդութեան համաձայն տօնական սեղանին վրայ պէտք է ըլլան ձուկ եւ բրինձով ու չամիչով եղինձ: Այս ճաշին բաղադրիչները իրենց իմաստը ունին: Բրինձը կը խորհրդանշէ մարդկութիւնը, իսկ չամիչները Աստուծոյ կողմէ ընտրեալներն են, զորս Աստուած ընտրած է Իր գործը շարունակելու համար: Հայկական Ծնունդի սեղանը կը ճոխանար նաեւ կաղամբով պատրաստուած տոլմայով եւ չոր բանջարեղէններով պատրաստուած ապուրով` մայրամաճաշով: Տարածուած  ուտելիքներէն է նաեւ «տարի» կոչուած քաղցր գաթան, որ կը բաժնուէր 12 մասերու` ըստ տարուան 12 ամիսներուն: Ս. Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն արտօնուած է կարմին գինին, որովհետեւ անիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը:

Ս. Ծննդեան Աւետաբեր – Երգեցիկ Խումբեր

Ս. Ծնունդի տօնակատարութեան մէջ յատուկ տեղ ունին աւետաբեր խումբերը` բաղկացած եկեղեցիներու դպրաց դասերէ, որոնք 5 յունուարի գիշերը մինչեւ վաղ առաւօտեան ժամերը յատուկ նուագարաններով կ՛աւետեն Յիսուսի ծնունդը` ծխայիններուն եւ ժողովուրդին: Անոնք այս առիթով,  աւետիս տալու կողքին, կը բաժնեն նաեւ տօնը խորհրդանշող յատուկ յուշանուէրներ:

Ս. Ծննդեան Շարականները Հոգիները Առինքնող Հոգեւոր Երգեր Են

Հայ եկեղեցական երաժշտութեան գանձարանը հարուստ է նաեւ տօներու նուիրուած շարականներով: Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած հոգեւոր երգերը կամ շարականները հաւատացեալներուն հոգիները կ՛ուրախացնեն տօնին աւետիսը  տալով անոնց: Այս առումով, ըստ կարգ մը տուեալներու, Ս. Ծննդեան «Խորհուրդ մեծ» շարականը կը վերագրուի պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, օրուան սրբասացութեան «Բազմութիւնք» շարականը` Ներսէս Շնորհալի հայրապետին, իսկ ջրօրհնէքի արարողութեան «Ով զարմանալի» տաղը գրած է Գրիգոր Գ. Պահլաւունի (12-րդ դար), եւ անոր հետեւակ «Այսօր ձայնն հայրական» յորդորակը գրած է Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզ (13-րդ դար):

Ս. Ծննդեան Տօնին Պատգամը

Այժմ, ներկայացնելէ ետք Ս. Ծննդեան տօնին համապարփակ պատմականը, արարողակարգն ու պատրաստութիւնը, հարկ է անդրադառնալ տօնին խորհուրդին եւ ճիշդ ձեւով նշելու հոլովոյթին մասին: Կասկածէ վեր է, որ Ս. Ծնունդը մարդկային արժանիքներու վերականգնման վեհ գաղափարներու եւ քրիստոնէական սկզբունքներու` խոնարհութեան, անկեղծութեան, ներողամտութեան եւ ողորմածութեան խօսուն պատգամ  պարփակած է իր մէջ, որուն ականջալուր պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ: Այսօր, սակայն, մարդիկ ոչ միայն իրենց ականջները փակած են այս պատգամներուն, այլ սկսած են Ս. Ծննդեան պարահանդէսներու ներկայ գտնուիլ, աղաւաղելով Ս. Ծննդեան խորհուրդին իսկական իմաստը: Հարկ է վերազարթնիլ եւ պահել մեր ընտանեկան Ս. Ծննդեան հաւաքները, որպէսզի կարենանք նոր սերունդին փոխանցել մեր պապերուն կտակած աւանդութիւնները ու պահպանենք ընտանեկան սէրն ու միաբանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կը Պատկերացնէք Ս. Ծնունդի Գիշերը. Ինչպիսի՞ Անձ Էք Դուք

Յաջորդը

Հայ Երիտասարդի Հեռանկարներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.