Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Փայլանի Հայերէն Խօսքը Մտահոգած Է Թուրք Ազգայնականները

January 4, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ այսպէս կոչուած «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում» կազմակերպութիւնը դարձեալ դժգոհ է ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի Տիգրանակերտէն ընտրուած հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի գործունէութենէն:

Ազգայնականներուն այս անգամ բարկացուցած է խորհրդարանին մէջ Փայլանի հայերէն խօսքը: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «ՀայԹերթ»-ը:

Օրեր առաջ Փայլան խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորած էր Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերաբերեալ եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած` պատշաճ կերպով արձագանգելու Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար երկխօսութեան դիմելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութեան:

«Յաջողութիւն Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ընկերներուն», հայերէն ըսած էր Փայլան:

«Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտօնական լեզուն թրքերէնն է, եւ ատիկա ամրագրուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ: Երբ շարք մը քիւրտ երեսփոխաններ իրենց երդումը քրտերէն արտասանեցին, ատիկա բողոքարկուեցաւ, եւ անոնց պարտադրուեցաւ անգամ մը եւս` թրքերէն արտասանել երդումը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ Թուրքիոյ մէջ ապրող ամէն ազգ խորհրդարանին մէջ սկսի իր լեզուով խօսիլ», լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում»-ի նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ:

Ան հայազգի երեսփոխանը մեղադրած է խորհրդարանի ամպիոնը իր շահերուն համար օգտագործելու, թուրք ազգը ցեղասպանութեան համար մեղադրելու համար:

Ըստ Կիւլպէյի, Փայլան իր արտասանած հայերէն վերջին նախադասութեամբ «գաղտնի ուղերձ» յղած է` ակնարկելով, որ խորհրդարանին մէջ պիտի շարունակէ շահարկել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Նախորդը

Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Է. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Զօրակցին Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան

Յաջորդը

Ծերակոյտը Հաստատեց Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Դեսպաններու Թեկնածուները

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.